Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՑՈՒՑԱԴՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԲԱՆԱԾ ԿԱՐՊԵՏՆԵՐԸ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համալսարանի ուսանողները ցուցադրեցին իրենց կողմէ բանուած կարպետները (քիլիմները)։ Համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցադրասրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Երիտասարդներու կողմէ հիւսուած կարպետներու ներկայացումէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Weave your own kilim» անուանեալ աշխատանոցը։ Այս վերջինը կազմակերպուած էր Երեւանի «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց գրասենեակին կողմէ։ Թէեւ այս աշխատանոցը համալսարանականներու համար նախատեսուած էր, սակայն, անկէ օգտուեցան նաեւ չափահասներ։ Աշխատանոցի ընթացքին եղան ոմանք, որոնք նոյնիսկ մէկէ աւելի կարպետներ բանեցան։
Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023