ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՏՂՈՍԸ

Հայաստանի հաւաքականը Փարիզի Ողիմպիականներուն մէջ երէկ նուաճեց իր առաջին մետայլը, ինչ որ մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց հայկական մարզաշխարհէն ներս եւ հայ մարզասէրներուն մօտ։ Այսպէս, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան 33-րդ Ամառնային ողիմպիականներուն արժանացաւ արծաթէ մետայլի։ Արթուր Դաւթեան նախապէս Թոքիոյի Ողիմպիականներուն պրոնզէ մետայլ նուաճած էր, դարձած էր աշխարհի ախոյեան եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան։ Փարիզի մէջ Արթուր Դաւթեան յենացատկի վարժութեան եզրափակչին երկու ցատկերու հանրագումարով ապահովեց 14 հազար 966 միաւոր։ Այսպէսով ան առաջին անգամ արժանացաւ Ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեանի կոչման։ Յենացատկի վարժութեան որակաւորման փուլին Արթուր Դաւթեան հաւաքած էր 14 հազար 666 միաւոր եւ 7-րդ հորիզոնականէն յաջողած էր դուրս գալ եզրափակիչ փուլ։

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան Արթուր Դաւթեանի յաջողութեան կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Միայն այս յաղթական ցնծութեամբ պիտի վերագտնենք մեր ազգային միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը», նշուած է Ծառուկեանի յայտարարութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2024