ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պրազիլի մասնաճիւղը վերջերս հետաքրքրական ասուլիս-քննարկում մը կազմակերպեց Սան Փաուլոյի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի Պրազիլիոյ մասնաճիւղը երկու տարիէ ի վեր այդ երկրէն լրագրողներու եւ վերլուծաբաններու այցելութիւններ կը կազմակերպէ՝ դէպի Հայաստան։ Այս առթիւ կատարուած դիտարկումներուն եւ խորացուած աշխատանքներուն զուգահեռ՝ կազմակերպուած էր Սան Փաուլոյի այս ասուլիս-քննարկումը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքի Արդի արուեստի թանգարանի համալիրէն ներս։ Պրազիլիոյ ամենայայտնի եւ ամենայատկանշական թանգարաններէն մին է այս մէկը, ուր շուրջ 300 հոգի մէկտեղուեցաւ ՀԲԸՄ-ի ձեռնարկին առթիւ։ Ներկաներու շարքին էր Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան։ Այս վերջինը տակաւին նոր պաշտօնի ձեռնարկած է եւ իր դիւանագիտական աշխատանքի սկիզբին մասնակցութիւն բերաւ սոյն ծրագրին։
«Աշխարհաքաղաքականութիւնը Կովկասի մէջ. Հայաստանի սպասումներն ու մարտահրաւէրները» խորագրեալ հաւաքոյթի ատենախօսներն էին՝ Պրազիլիոյ հեղինակաւոր հեռուստակայաններէն կամ ռատիօկայաններէն, ինչպէս նաեւ տպագիր մամուլէն մասնագէտներ։ Դեսպան Արմէն Եգանեանն ալ բացման հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկաւ կարեւոր ելոյթով մը։ Հարկ է նշել, որ լրագրողներու եւ վերլուծաբաններու առընթեր, այս նախաձեռնութեան ներգրաւուած էին պատմաբաններ։
Իր կարգին, ՀԲԸՄ-ի Պրազիլի մասնաճիւղի նախագահ Ռաֆայէլ Պալուքեան նշեց, որ լրագրողներու եւ պատմաբաններու այս համախմբումը կը համարուի շատ պատուաբեր։ Իր խօսքով՝ հասարակութեան տեսակէտէ Հայաստանի առկայ կացութիւնը պարզ է եւ մեծ յաջողութիւն կը համարուի երկրի վիճակին նկատմամբ յանձնառու լսարանի մը կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը։
Ի լրումն այս բոլորին, սոյն հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ, որ այս շրջանին կ՚այցելէ Պրազիլ։