ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԻ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատկան բաժանմունքները այս տարի անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Սեւանայ լիճի անվտանգութիւնը։ Այս շրջանին նոր հնարաւորութիւններով օժտուած են այն հսկիչներն ու փրկարարները, որոնք կ՚աշխատին՝ մանաւանդ ամրան ամիսներուն լողափերուն։ Սեւանայ լիճէն յաճախ կը հասնին զանազան ծաւալի դէպքերու վերաբերեալ լուրեր՝ ներառեալ կորուստներ։

Այս բոլորի լոյսին տակ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն լիճի փրկարարներուն եւ հսկիչներուն համար տրամադրուած արագընթաց մակոյկները, որոնք հաւանական դէպքերուն շատ աւելի ազդու ձեւով միջամտելու տեսակէտէ անգնահատելի նշանակութիւն ունին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2024