ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ. Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը 2-3 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ա­թէն­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Քրիս­տո­նեայ-իս­լամ խա­ղաղ հա­մա­գո­յակ­ցու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս» խո­րագ­րեալ հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման նիս­տին։ Այս առ­թիւ ան ար­տա­սա­նեց նաեւ իր խօս­քը։

Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը մէկ­տե­ղուե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ հա­մայն Յու­նաս­տա­նի Ե­րո­նի­մոս Բ. Ար­քե­պիս­կո­պո­սին հետ։

Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին շքա­խում­բին մաս կը կազ­մէին Յու­նաս­տա­նի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խո­րէն Արք. Տող­րա­մա­ճեան, Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց վա­րիչ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Մես­րոպ Վրդ. Սար­գի­սեան, Տ. Յով­հան­նէս Վրդ. Սաղ­տը­չեան, քա­հա­նայ հայ­րեր, տեղ­ւոյն Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­րա Ման­կո­յեան եւ Պօ­ղոս Չո­լա­քեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015