Եգիպտացի միլիառատէրը կ՚ուզէ կղզի մը գնել փախստականները տեղաւորելու համար
Եգիպտացի միլիառատէր Նակիպ Սավիրիս դիմած Է Իտալիոյ եւ Յունաստանի իշխանութիւններուն այն առաջարկով, թէ կ՚ուզէ անոնցմէ գնել կղզի մը, որպէսզի զայն յատկացնէ փախստականներուն։
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, «Յունաստան կամ Իտալիա, ինծի վաճառեցէք ձեր կղզիներէն մէկը: Ես կը յայտարարեմ անոր անկախութիւնը, կ՚ընդունիմ փախստականները եւ զանոնք կ՚ապահովեմ աշխատանքով: Այնտեղ անոնք կը կառուցեն իրենց նոր հայրենիքը», յայտարարած է Սավիրիս:
2015 թուականի սկիզբէն ի վեր Եւրոպական Միութեան տարածք ժամանած են շուրջ 340 հազար փախստականներ: Փորձագէտներու կարծիքով՝ ներկայիս Եւրոպական միութեան երկիրներէն ներս անօրինական փախստականներու շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը գաղթականներու հետ կապուած վատթարագոյն ճգնաժամն մըն է Երկորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակներէն ի վեր։
Արդէն հաղորդուած Է, որ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ համաձայնած են Եւրոպա փախստականներու ներհոսքի դէմ պայքարի միջոցառումներուն շուրջ: Անոնք ինչպէս ճշդած են Էլիզէի պալատին մէջ, խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի Եւրոպական միութեան տարբեր երկիրներու միջեւ փախստականներու ընդունման բաշխիչ համակարգ մը կիրառելու շուրջ:
Մինչդեռ Հունգարիոյ Վարչապետ Վիկտոր Օրպան իր դժգոհութիւնը յայտնած է Եւրոմիութեան փախսականներու վերաբերեալ քաղաքականութենէն եւ հիմնաւորուած է Սերպիոյ հետ սահմանին ցանկապատի անհրաժեշտութեան: Օրպան ընդգծած Է, որ Եւրոպայի քրիստոնէական մշակոյթը գաղթականներու յախուռն հոսքի դէպքով հազիւ թէ ի վիճակի կ՚ըլլայ պահպանել արժէքներու սեփական քրիստոնէական համակարգը։
Մինչ այդ, Անգլիոյ մէջ, Տէյվիտ Քեմրըն եւ Ֆիլիփ Համոնտ քննադատուած են, որովհետեւ «անմարդկային» լեզու գործածած են նկարագրելու համար գաղթականները: Անգլիոյ վարչապետը Մեծն Բրիտանիա եկող գաղթականները նմանցուցած էր միջատներու մեծ խումբի մը, եւ աւելի ուշ յայտնած էր, որ պիտի չարտօնէ այս մարդոց իր երկիրը ներխուժելուն:
ԱՅՍ ՏԱՐԻ 13 ՄԻԼԻՈՆ ԵՐԱԽԱՅ ԴՊՐՈՑ ՉԷ ՅԱՃԱԽԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ պատերազմներու ու զինեալ հակամարտութիւններու պատճառով 13 միլիոն երախայ այս տարի զրկուած է դպրոց յաճախելու հնարաւորութենէն: Այս մասին տուեալներ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը (ԻՒՆԻՍԷՖ)՝ «Կրթութիւնը վտանգուած է» զեկոյցին մէջ:
Զեկոյցի հեղինակները նշած են, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ծաւալող ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն մէջ կը մեծնայ սերունդ մը, որ ամբողջովին դուրս մնացած է կրթական համակարգէն, բան մը որ ուղղակիօրէն վտանգի տակ դրած է միլիոնաւոր երախաներու լուսաւոր ապագան:
Մասնագէտները աւելցուցած են, որ երախաները չեն յաճախեր դպրոցներ, քանի որ հակամարտող կողմերն ու ահաբեկչական խմբաւորումները յաճախ կը յարձակին կրթական հաստատութիւններուն վրայ: Բացի այդ, ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով դպրոցներէն շատերը աւերուած են ու այլեւս պիտանի չեն դասընթացքներու իրականացման համար: