Հայ Գրքարուեստի Աւանդոյթները Պիտի Ներկայացուին ԱՄՆ-Ի Գոնկրէսի Գրադարանի Փառատօնին Ընթացքին
Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի գրադարանի հայկական բաժնի ղեկավար Լեւոն Աւտոյեան կը ներկայացնէ հայ գրքարուեստի աւանդոյթները գրադարանի փառատօնի ընթացքին: «Արմէնփրէս» կը տեղեկանցնէ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի գրադարանի պաշտօնական կայքէջը, Աւտոյեան «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ» խորագրով դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ: Գոնկրէսի գրադարանը հայ գիրերու գիւտի 500-ամեակը 2012 թուականին նշած է «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ. Հայ գրքարուեստի աւանդոյթները Գոնկրէսի գրադարանին մէջ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսով: Անիկա արդէն հասանելի է կայքի թուային գրախանութին մէջ:
1800-ին հիմնուած Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի գրադարանի Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի բաժնին մէջ կ՚ուսումնասիրուին եօթանասունութ երկիրներ՝ սկսեալ Հարաւային Ափրիկէէն մինչեւ Մաղրէպ, Կովկասէն մինչեւ Կենդրոնական Ասիա: Միջին Արեւելքի բաժնի հիմնական մասը կը կազմեն հայալեզու նիւթերը: