ՆԻԺԵՐԻԱՑԻՆԵՐ ՊԱՐՏԱԴՐԱԲԱՐ ԼՔԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ

«Պո­քօ Հա­րամ» զի­նեալ­նե­րու կա­տա­րած բռնու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով Նի­ժե­րիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նէն շուրջ 2 մի­լիոն հո­գի հար­կադ­րո­ւած է լքել ի­րենց տու­նե­րը: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, այս մա­սին յայ­տա­րա­րած են Գաղ­թա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն։ Նա­խա­պէս ալ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յայտ­նած էր, որ շուրջ 1.4 մի­լիոն բնա­կիչ­ներ հար­կադ­րո­ւած են հե­ռա­նալ ի­րենց տու­նե­րէն Նի­ժե­րիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նէն, ուր յատ­կա­պէս գոր­ծօն է «Պո­քօ Հա­րամ»:

«Ներ­կա­յիս ա­ւե­լի քան 2 մի­լիոն հո­գի հար­կա­դիր վե­րաբ­նակ­ներ են եւ կը ներ­կա­յաց­նեն Նի­ժե­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րու ա­ւե­լի քան 300 հա­զար ըն­տա­նիք­ներ», շեշ­տո­ւած է Գաղ­թա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Միւս կող­մէ, «ՌԻԱ Նո­վոս­տի»ի հա­մա­ձայն, Նի­ժե­րիոյ մէջ աշ­խու­ժօ­րէն կը գոր­ծէ «Պո­քօ Հա­րամ» ար­մա­տա­կան իս­լամ խմբա­ւո­րու­մը, ո­րու ան­դամ­նե­րը հան­դէս կու գան կրթու­թեան ա­րեւմ­տեան ձե­ւին դէմ եւ կը ձգտին ամ­բողջ երկ­րէն ներս հաս­տա­տել շե­րիա­թը: Երկ­րին մէջ պար­բե­րա­բար կա­տա­րո­ւող ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը խմբա­ւոր­ման զի­նեալ­նե­րու գործն Է:

 

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015