ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 24 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Համահայկական մշակութային փառատօնի բացումը։ Փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի 27-ը եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին։
Փառատօնի ընթացքին Պոլսոյ հայ համայնքի մշակութային օրեր պիտի կազմակերպուին Հայաստանի մէջ։ Այս շրջագծով ելոյթներ պիտի ունենան Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբն ու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի ու պարի համոյթը, որ այս տարի կը նշէ հիմնադրման 35-ամեակը։
Համահայկական փառատօնը պիտի եզրափակուի «Կ՚երգենք Կոմիտաս» համերգային ծրագրով, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէ, Արցախէ եւ աշխարհի տասներկու երկիրներէ ժամանած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ կատարողներ։