ԱՌԱՆՑ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումները կը շարունակուին։ «Եւրօ-24»ի որակաւորման D խմբակի հանդիպումներու ծիրէն ներս, այս շաբաթավերջին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ։ Առաջին խաղը անցեալ մարտին տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի տանտիրութեամբ։ Ներկայիս, պատասխան խաղին հիւրընկալը պիտի ըլլայ Թուրքիան։ Երկու ընտրանիներուն մրցումը նախատեսուած է այս ուրբաթ, Էսկիշեհիրի նոր մարզադաշտին վրայ։
Հայաստանի ազգային հաւաքականը երէկ արդէն մարզումներու սկսաւ այս խաղին ընդառաջ։ Հայկական ընտրանին յառաջիկայ օրերուն պիտի գայ Թուրքիա։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ արդէն տեղ կը գտնեն Հայաստանի հաւաքականի մարզիկներուն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց բոլորը կը գիտակցին այս հանդիպման կարեւորութեան։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականներու այս անգամուան հանդիպումները տեղի կ՚ունենան առանց դիւանագիտութեան՝ ի տարբերութիւն 2008 թուականի յայտնի խաղերէն, որոնք առիթ ծառայած էին երկու երկիրներու այդ ժամանակուան նախագահներու փոխադարձ այցելութիւններուն։