ԵԼՔԻ ՅԱՄԱՌ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ամբողջ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դարձաւ այս տեսակցութիւնը՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերսկսման որոնումներով պայմանաւորուած իրադրութեան մէջ։ Անշուշտ, Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ալ նախագահներուն կողմէ ծաւալուած քննարկումները մեծ կարեւորութիւն ներկայացուցին։

Սոչիի բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ երկու ժամ։ Յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Էրտողան յայտնեց, որ յուսադրուած է հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերակենդանացման ուղղութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա ՄԱԿ-ի հետ պատրաստած է առաջարկներու նոր թղթածրար մը։ «Մենք համոզուած ենք, թէ այս նոր գործընթացին շնորհիւ հնարաւոր է արդիւնքի մը հասնիլ։ Հացահատիկի մեծամասնութիւնը պէտք է ուղղուի Ափրիկէ։ Ռուսական հացահատիկէն արտադրուելիք ալիւրը կրնանք ուղարկել դէպի աղքատ երկիրներ», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ շեշտեց, որ հացահատիկի համաձայնութիւնը կրնայ վերակենդանացուիլ՝ եթէ իր երկրին դէմ սահմանուած պատժամիջոցները դադրեցուին։ «Մենք հացահատիկի նախաձեռնութեան մասնակցիլ որոշած էինք՝ Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի կողմէ ապահովուած նպաստին բերումով։ Գործարքը երկարաձգեցինք՝ հակառակ, որ Ռուսաստանի ի նպաստ կատարուելիքները չէին կատարուած։ Բայց եւ այնպէս, կրնամ ըսել, որ Արեւմուտքի մեր գործընկերները մեզ խաբեցին։ Մենք այս գործարքին մասնակցելու ցանկութիւն ունինք, սակայն, նախ անոնք պէտք է յարգեն իրենց խոստումները։ Այս բոլորը հարթելէ վերջ մենք կրնանք հասնիլ համաձայնութեան, մենք խնդիր չունինք եւ Թուրքիա մեր մեծագոյն գործընկերներէն մին է», ըսաւ Փութին։

Սոչիի յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ «Մենք վճռական ենք՝ մեր աշխատանքները տեւականացնելու համար տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատման ուղղութեամբ։ Մենք կը փափաքինք, որ առկայ հակամարտութիւնները ժամ առաջ միջազգային իրաւունքի հիմքով վերջ գտնեն արդար ու մշտական ձեւով։ Պատերազմի յաղթողը, խաղաղութեան պարտուողը չ՚ըլլար։ Մեր տանտիրութեամբ կողմերու միջեւ նախապէս ուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան։ Այս հարցին շուրջ, ինչպէս միշտ, պատրաստակամ ենք մեզի վիճակածը ընելու», յայտնեց Էրտողան։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Սոչիի երէկուան կարեւոր ժամադրութեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ հացահատիկի փոխադրութեան կենսական նախաձեռնութեան ի նպաստ տարուած միջնորդական աշխատանքներուն բերումով թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ ՄԱԿ երախտապարտ են Թուրքիոյ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023