ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երեւանէն երկար ժամանակէ ի վեր հետեւողական քննադատութիւններ կը հասցէագրուին Մոսկուային։ Վերջին օրերուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իտալական մամուլին տրուած հարցազրոյցը եղաւ այս երեւոյթին նոր դրսեւորումը։ Ան յայտնեց, որ Արցախի ռուս խաղաղապահները չեն կատարեր իրենց գործը։ Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ՝ առանց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ փոխադարձ տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչման։

Հայկական լրահոսին մէջ զուգահեռաբար երեւցան հաղորդումներ, ըստ որոնց այս բոլորը Մոսկուայի մէջ դժգոհութեան լուրջ ալիքի մը ծնունդ տուած է։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ երէկ խորհրդարանէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ եկաւ նոր օղակ մը աւելցնել քննադատութիւններու շղթային վրայ։ Փաշինեանի կողմէ վերոյիշեալ հարցազրոյցի ժամանակ ՀԱՊԿ-ին ալ ուղղուած քննադատութեան նետերէն վերջ, փոխ-նախարարը երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան։ «Մենք տարբեր ձեւաչափերով կը համագործակցինք ՆԱԹՕ-ին հետ եւ պատրաստակամ ենք այդ գործընթացը շարունակելու», ըսաւ Կոստանեան։ Պատասխանելով համապատասխան հարցումներու՝ Կոստանեան շարունակեց. «Ինչ կը վերաբերի հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ այն խնդիրներուն, որոնք մենք կը տեսնենք անոնց մէջ, այս մասին բարձրաձայնած ենք բազմիցս։ Մասնաւորապէս, 2022-ի սեպտեմբերին, երբ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ յարձակում եղաւ Ատրպէյճանի կողմէ, մենք ա՛լ աւելի համաչափ արձագանգի կը սպասէինք թէ՛ Ռուսաստանէն եւ թէ ՀԱՊԿ-էն»։ Փոխ-նախարարը աւելցուց, որ հայկական կողմի ներկայացուցիչները շատ պարզ, բաց քննարկումներ կ՚ունենան իրենց ռուս գործընկերներուն հետ եւ կ՚արտայայտեն այն դժգոհութիւնները, որոնք կապուած են այն քաղաքականութեան կամ քայլերու բացակայութեան հետ, զորս նկատելի կը դառնան ռուսական կողմէն։

Անդրադառնալով Արցախի առկայ պաշարման՝ Կոստանեան ըսաւ. «Հայաստանի դիրքորոշումն է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի՝ ըստ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի երկու վճիռներուն, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ ցարդ չեն կատարուած։ Բաց աստի, բազմաթիւ պատգամներ հնչած են միջազգային կազմակերպութիւններու, տարբեր պետութիւններու կողմէ, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու կողմէ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երկու արտահերթ նիստերուն ժամանակ այդ խորհուրդի անդամ պետութիւններուն կողմէ։ Պէտք է արձանագրենք, որ ցարդ Ատրպէյճան ապակառուցողական քաղաքականութիւն մը կը վարէ, կ՚արհամարհէ միջազգային հանրութեան ուղիղ կոչերը։ Ատրպէյճանի այս քայլերը մեզի կասկած կ՚առթեն, թէ ան կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներ իրականացնել։ Նման պարագաներու մէջ միջազգային հանրութիւնը շատ յստակ պարտաւորութիւններ ունի ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ամբողջին մէջ»։

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ այս յայտարարութիւններէն վերջ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Ընդհանրապէս տրամաբանութիւն չկայ այն պնդումին մէջ, թէ Հայաստան հակառուսական գործիք մըն է. երբեք ընտրութեան դրուած չէ եղած՝ ընտրել Եւրոմիութեան կամ ՀԱՊԿ-ի դիտորդները»։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու գծով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ՝ ի շարունակութիւն մօտաւոր անցեալի Երեւան այցելութեան։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Խովաեւ, միեւնոյն ժամանակ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահն է։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները վերջին օրերուն ընդգծեցին, որ Մոսկուա չի պատրաստուիր Հարաւային Կովկասէն հեռանալու։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023