ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ ՉԿԱՅ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Պաքու տակաւին չէ արձագանգած՝ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին վերաբերեալ Երեւանի նոր առաջարկներուն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս տեղեկացուցած էր, որ հայկական կողմը նոր առաջարկներ ներկայացուցած է։ «Իմ ունեցած տեղեկութիւններով տակաւին արձագանգ մը չկայ վերջին առաջարկներուն», ըսաւ Գրիգորեան։
Հարկ է նշել, որ Պաքու չէ հրապարակայնացուցած այդ առաջարկներու բովանդակութիւնը։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնած էր, որ հայկական կողմը նոր մրցանիշ մը սահմանած է՝ մեկնաբանութիւնները ուղարկելէ ընդհանրապէս 40 վայրկեան անց մամուլի յայտարարութիւն մը տարածելով։ «Ըստ իս, այս բոլորը յստակ ցոյց կու տայ, թէ կողմերէն որեւէ մէկը շահագրգռուած է գործընթացի հանգուցալուծմամբ եւ որ մէկը նախապատուութիւն կու տայ վերնագրերուն եւ քաղաքական յայտարարութիւններուն», ըսած էր ան։
Մհեր Գրիգորեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ խօսեցաւ նաեւ տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ «Ապաշրջափակումը հնարաւոր եւ գործադրելի կ՚ըլլայ միայն խաղաղութեան ֆոնին», ըսաւ փոխ-վարչապետը եւ աւելցուց, որ Երասխ-Հորատիզ երկաթուղիի օգտագործման վերաբերեալ տակաւին կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք վերջնական համաձայնեցման կը կարօտին։