ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀՍԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՐՁԵԼՈՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել՝ Պաքուի կողմէ այդքան յամառօրէն յառաջ տարուած Զանգեզուրի միջանցքի մարտահրաւէրը։ Մոսկուան ալ այս հարցին մէջ Պաքուի կողքին դիրք կը գրաւէ, իսկ Երեւանի միակ համախոհն ու գործակիցը Թեհրանն է այս տագնապին շուրջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանին առջեւ նաեւ պնդումներ կը դրուին, որ 2020 թուականի նոյեմբերի՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութիւնն ալ այս ուղղութեամբ իրեն առջեւ պարտաւորութիւններ կը ստեղծէ։
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին հերթական անգամ շօշափեց այս հարցը։ Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանի բուն տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհի մը կամ կապուղիի մը ստեղծման։ Փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան նշեց, որ այդ ճանապարհի վերահսկողութիւնը մասնաւոր ընկերութեան մը, պահնորդական ընկերութեան մը յանձնելու մասնով նոր մանրամասնութիւններ չկան։ Սաֆարեան հաստատեց, որ այս մասին արդէն խօսուած է եւ նոր մանրամասնութիւնները դեռ կը պակսին։ Փոխ-նախարարը վստահեցուց, թէ եթէ նոյնիսկ այդ մասնաւոր ընկերութեան յանձնուի այդ վերահսկողութիւնը, ապա հայ սահմանապահներն ու մաքսաւորները այդ ճանապարհին վրայ իրենց աշխատանքը պիտի իրականացնեն։
«Խօսուած է մասնաւոր ընկերութեան ներգրման հնարաւորութեան մասին, բայց մանրամասնութիւնները տակաւին չկան։ Սա «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի հետ որեւէ կապ չունի, բայց անոր տրամաբանութեան մէջ է», ըսաւ Սաֆարեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մնացական Սաֆարեան նշեց, որ մինչեւ հիմա խօսուած է ընդամէնը հաւանականութեան մը մասին եւ այդ առումով տակաւին որեւէ յստակութիւն չկայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան համոզուած է, թէ այդ հաւանականութիւնը, ի հարկէ, չի խախտեր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան ապահովումը անվտանգութեան մասնաւոր գործակալութիւններուն պատուիրելը հնարաւոր է։ Այո՛, վարչապետը ըսած է, որ սա հաւանական է։ Եթէ յաւելեալ տեղեկութիւններ ըլլան, ապա կը տեղեկացնենք։ Այս պահուն լրացուցիչ տեղեկութիւն մը չկայ։ Եթէ նման պարագայ մը ըլլայ, ապա մասնաւոր անվտանգութեան ընկերութիւնը պէտք է պաշտպանէ նաեւ հաղորդակցութիւններու այն հատուածը, որ պիտի անցնի Ատրպէյճանի տարածքով», եզրափակեց փոխ-նախարարը։