ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵԳԻՊՏՈՍ ՎԱՂԵՄԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ա՛Լ ԱՒԵԼԻ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վաղեմի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի պիտի զարգանան։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պեշթեփէի համալիրի բանակցութիւններէն վերջ երկու ղեկավարները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տրուած պատգամներուն բնոյթը յարիր էր՝ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ ստաղծուած նոր կլիմային։ Սիսի շեշտեց, որ իր այցելութիւնը ցուցիչն է՝ երկկողմանի վաղեմի յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի զարգացման հեռանկարներուն։

Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Եգիպտոս հասարակաց կեցուածք մը ունին Պաղեստինի հիմնախնդրին շուրջ եւ անոնք կենսական կարեւորութեամբ նպաստ մը կը բերեն տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան 17 նոր համաձայնագրեր, որոնք հետամուտ են բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան խորացման։ Ստորագրման արարողութենէն վերջ տեղի ունեցաւ Էրտողանի եւ Սիսիի մամլոյ ասուլիսը։ Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելու հնարաւորութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան յիշեցուց, որ անցեալ փետրուարին Գահիրէ տուած այցելութեան ընթացքին մեծ ջերմութեամբ հիւրընկալուած էր իր պաշտօնակցին կողմէ։ Իր խօսքով՝ այդ Գահիրէ այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ բնորոշեց շրջադարձ մը։ Այդ օրէն ի վեր երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ պահուած է։

«Մեր տարածաշրջանի խնդիրներուն շուրջ միշտ մօտիկ խորհրդակցութեան մէջ եղանք։ Մեր համագործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներէ ներս կը զարգանայ եւ իմ արժէքաւոր եղբօր փոխադարձ այցելութեամբ ա՛լ աւելի հեռու պիտի երթան։ Եգիպտոսի հետ բազմադարեան համատեղ անցեալ մը եւ սերտ բարեկամութեան կապեր ունինք։ Յաջորդ տարի մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը պիտի նշենք։ Մենք՝ համամարդկային պատմութեան ուղղութիւն տուած քաղաքակրթութիւններ հիւրընկալող երկիրներ ենք։ Մեր երկիրներու միջեւ վաղեմի ու բազմակողմանի յարաբերութիւնները համատեղ ջանքերով շարունակ կ՚ամրապնդենք։ Առանձնապէս ուրախ եմ, որ մեր աշխատանքներուն արդիւնքներն ալ կը տեսնենք», ըսաւ Էրտողան։

Նախագահներու հանդիպման զուգահեռ՝ երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Թուրքիա-Եգիպտոս բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը։ Արդարեւ, Էրտողանի Գահիրէ այցելութեան ընթացքին որոշուած էր այդ դրութեան վերակենդանացումը, ուստի առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Սիսիի այցելութեան օրերուն։

Կը հաղորդուի, որ Անգարայի երէկուան բանակցութիւններու կիզակէտին գտնուած են Պաղեստինի վերջին իրադարձութիւնները։ Էրտողան յայտնեց, որ 11 ամիսէ ի վեր ցեղասպանութիւն մը կը շարունակուի եւ թրքական կողմի առաջնահերթութիւնը մնալ կը շարունակեն՝ այդ մէկուն կասեցումը, մշտական խաղաղութեան ժամ առաջ հաստատուիլը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններու անարգել հոսքին ապահովուիլը։

Անգարայի մէջ Էրտողան ակնարկեց նաեւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ, Քաթարի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ յառաջ տարուած բանակցութիւններուն։ Թուրքիան ալ այս գործընթացը կը խրախուսէ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի միջոցաւ։ Էրտողանի խօսքով՝ յամենայնդէպս, Իսրայէլ խոչընդոտող դիրքորոշում մը որդեգրած է։ «Իսրայէլ կը նահատակէ իր բանակցած երկխօսը, սա կ՚ապացուցանէ, որ ինչպիսի մտայնութեան մը տէր է», ըսաւ Էրտողան։ Բաց աստի, նախագահը կանգ առաւ նաեւ Իսրայէլի կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքի խոչընդոտման հարցին վրայ։ «Իսրայէլի ղեկավարութիւնը հազարաւոր թոն ռումբ տեղացնելով չի կրնար կոտրել դիմադրութեան կամքը եւ Պաղեստինի ժողովուրդը սովի դատապարտելով այդ նպատակին հասնիլ կը փորձէ։ Սովի, ծարաւի կամ դեղօրայքի պակասի հետեւանքով մահացած իւրաքանչիւր անմեղին պատասխանատուութիւնը Իսրայէլին ու անոր պաշտպաններուն կը պատկանի», եզրափակեց Էրտողան։

Նոյն խնդրին կապակցութեամբ Սիսին ալ շեշտեց, որ Եգիպտոս ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւնը հասնի Կազզէ։ Ան համոզուած է, թէ Կազզէի հարցին ու Պաղեստինի զօրակցութեան առընթեր, Թուրքիա եւ Եգիպտոս բոլոր ուղղութիւններով շատ աւելի սերտ համագործակցութիւն մը պէտք է ծաւալեն։ Այս առումով ան մեծապէս կարեւորեց նաեւ արդիւնաւէտ համակարգման ապահովուիլը։ Սիսի ընդգծեց, որ Գահիրէ կ՚ողջունէ Անգարա-Դամասկոս մերձեցումը։ Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու ծիրէն ներս՝ Եգիպտոս կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը մաղթէ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ խնդիրները ժամ առաջ լուծուին։ Հիւր ղեկավարը մատնանշեց, որ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Ափրիկէի վերաբերեալ զանազան նիւթեր՝ մասնաւորապէս Սոմալիի կտրուածքով։ Հուսկ, Սիսի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանի կողմէ իրեն եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024