ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՊԿ-Ի ԳԾՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄԸ
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւններու մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հայաստան օրինապէս կը շարունակէ մնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) լիիրաւ անդամ, սակայն, ներկայիս երկրի ղեկավարութիւնը փաստացի կը հետեւի այս համագործակցութենէն հեռանալու գծին, ինչ որ կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն։
«Կը յուսանք, թէ Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ապագայ անվտանգութեան շահերէն ելնելով՝ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս Հայաստանի հետ մեր համագործակցութիւնը լիարժէք կը վերականգնուի», ըսաւ բանբերը, որ, միեւնոյն ժամանակ, այս կապակցութեամբ ուշադրութիւն հրաւիրեց Երեւանէն հնչած պաշտօնական յայտարարութիւններուն վրայ։
«Վերջերս անոնք յայտարարեցին, որ ՀԱՊԿ լքած է Հայաստանի տարածքը, յետոյ սկսան յայտարարել, որ սառեցուած են այս կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւնները։ Կը հասկնանք, իւրաքանչիւր բառի, արտայայտութեան ետեւը պէտք է ըլլայ իմաստ մը, որ չափազանց կարեւոր է։ Եթէ այդ մէկը կ՚ըսուի պաշտօնեայի մը կողմէ, ապա պէտք է ըլլայ պատասխանատուութիւն ո՛չ միայն ըսուածին, այլեւ՝ հետեւանքներուն մասին։ Ես կը կարծեմ՝ բառերու հետ խաղալը, այսպէս ըսուած, որեւէ լաւ բանի չի բերեր։ Յատկապէս հաշուի առնելով, որ տարածաշրջանը արդէն անցած է բազմաթիւ փորձութիւններու միջով», ըսաւ Զախարովա։
Հուսկ, Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ որ, Հայաստան ունի պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ, որոնք կը բխին ՀԱՊԿ-ին անդամ ըլլալու հանգամանքէն։