ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը անվերջ կ՚ենթարկուի վերախմբագրումներու: Պաշտօնական լրահոսէն պարզ դարձաւ, որ Երեւանը Պաքուին յղած է պայմանագրի նախագծային բովանդակութեան 10-րդ տարբերակը: Պաքուի արձագանգը ուշ չէր: Իր հերթին, ան յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծէն Երեւան դուրս բերած է որոշ կէտեր եւ Պաքուն իր պատասխանը կը խմբագրէ յառաջիկային:
Ըստ Երեւանի, խաղաղութեան պայմանագրի վերջին նախագիծին մէջ կայ 17 յօդուած, որմէ 13-ը լիարժէք համաձայնեցուած է: Տրուած են յաւելեալ մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց՝ կայ եւս 3 յօդուած, որու շուրջ գոյացած է մասնակի համաձայնութիւն:
Յստակ չեն կէտերը, իսկ մասնակի բացատրութիւնը այն է, որ յօդուածին մէջ միայն նախադասութիւններու շուրջ համաձայնութիւն կայ: Կը փորձուրի, ուրեմն, այնպէս ընկալելի դարձնել, որ 17-էն 13-ը համաձայնեցուած է, 3-ը՝ մասնակի, իսկ մէկը տակաւին քննարկելի է:
Հիմա փորձենք նկատել, որ այս «դրական» ներկայացուած բանակցային պատկերին նկատմամբ ի՞նչ է Պաքուի դիրքորոշումը:
Նախագծի վերախմբագրուած տարբերակներու անվերջանալի երթուդարձին առընթեր, Պաքու նոր խնդիրներ կ՚արծարծէ՝ երբեմն ուղղակի, երբեմն անուղղակի նախապայմաններու տեսքով:
Ատրպէյճանի նախագահին, անոր խորհրդականին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերջին յայտարարութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ա.- Հայաստանի սխալ քաղաքականութիւնը կը խաթարէ խաղաղութեան գործընթացը:
Բ.- Եթէ Հայաստան անկեղծօրէն շահագրգռուած է հաշտութեան գործընթացով, ապա պէտք է լրջօրէն քննարկէ ձեռնարկուած քայլերը:
Գ.- Երեւանէն կը սպասուին լուրջ փոփոխութիւններ:
Դ.- Հայաստան պէտք է հրաժարի իր հարեւաններուն դէմ, նախ եւ առաջ Ատրպէյճանի, տարածքային յաւակնութիւններէ: Հետեւաբար, պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնն ու ներքին օրէնսդրութիւնը:
Ե.- 2024 թուականի համեմատ Հայաստանի ռազմական պիւտճէն աւելցած է գրեթէ 50 առ հարիւրով: Այս գործընթացը խոչընդոտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:
Զ.- Սահմանազատման յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան մասին կանոնակարգի համաձայնագիրը բաւարար հիմք է Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս բերելու համար:
Է.- Հայաստան «բռնագրաւող» երկիր է: Հայաստանի զինեալ ուժերուն դէմ սահմանափակումներ պէտք է կիրարկուին:
Ը.- ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումը տարակուսանք կը յառաջացնէ:
Թ.- Հայաստան շահագրգռուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումով եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումով:
Այս բոլորը Պաքուի կողմէ անվերջ նորացուած քաղաքականութեան շղթայական օղակներն են, որոնք պիտի շարունակեն հիւսուիլ, բարձրաձայնուիլ, պահանջուիլ:
Հայկական կողմի յայտարարութիւնները, թէ 17-13-3=1 հեռու է իրականութեան համապատասխանելէ: Այս թուաբանութեամբ Երեւան կը փորձէ տարածել այն տպաւորութիւնը, թէ բացի հիմնական մէկ կէտէ ամէն ինչ համաձայնեցուած է:
Այս թուանշաններուն գումարին չափ եւ անկէ աւելի նախապայմաններ կը հնչեն Պաքուէն՝ առաւելագոյնը ձեռք ձգելու համար: Միայն երրորդ կէտը այնքան առաձգական է, որ թուաբանօրէն անսահմանելիութեան կրնայ առաջնորդել Պաքուի պահանջներու թիւը:
Քաղաքական թուաբանութեան կանոնները ուրիշ են: Այս պարագային կը պարզեն նախապայմանային քաղաքականութեան մը անվերջ թարմացուող ու բազմացող թիւերը: Թիւերու խաբկանքը չի կրնար ծածկել տիրող կացութիւնը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի