ԱՅՑԵՐԸ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻՆ
Կը յիշէ՞ք, երբ 2022-ի սեպտեմբերին Հայաստան այցելած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան այն ժամանակուայ խօսնակ Նենսի Փելոզին, ի՜նչ ոգեւորութիւն տիրած էր հայկական «արեւմտամէտ» շրջանակներուն մէջ՝ վերջ, փրկուած ենք, Ալիեւ այլեւս երբեք չի համարձակիր դիմել ուժային գործողութիւններու: Փելոզին իսկապէս իր աջակցութիւնը յայտնած էր Հայաստանին, բայց, հակառակ մերիններուն վարդագոյն երազանքներուն, անոր այցէն մէկ տարի անց, Ատրպէյճան նոր յարձակում մը ձեռնարկեց եւ վերջնականապէս հայաթափեց Արցախը: Այսպիսով, ԱՄՆ չկանխեց հնարաւոր բեմագրութիւններէն ամենավատը՝ այն պարզ պատճառով, որ կանխելու գործիքներէն զրկուած էր:
Հիմա նոյն խանդավառութիւնը կը տիրէ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի այցին ընդառաջ: Նախատեսուած է, որ ան կը մասնակցի սեպտեմբերի 21-ի տօնակատարութիւններուն եւ ներկայ կ՚ըլլայ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր համերգին: Բարեկամ երկրի ղեկավարին այցը, ի հարկէ, ուրախալի իրադարձութիւն է, բայց սպասել, որ նման այցերով մեր անվտանգութեան վերաբերող որեւէ հարց կը լուծուի, կա՛մ միամտութիւն է, կա՛մ ալ հերթական քարոզչական աճպարարութիւն:
Յիշեցնեմ, որ Ֆրանսայի նախագահներէն Անկախ Հայաստան այցելած են՝ Ժաք Շիրաք (2006), Նիքոլա Սարքոզի (2011), Ֆրանսուա Օլանտ (2015), Էմմանիւէլ Մաքրոն (2018): Այս այցերը, անշուշտ, նպաստած են հայ-ֆրանսական բազմակողմանի կապերու զարգացումին, բայց Հայաստանի անվտանգութեան հետ կապ մը չունին: Իսկ ահա վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեանի այցը Փարիզ 1997-ի դեկտեմբերին, երբ ան արժանացաւ նախագահ Շիրաքի ընդունելութեան եւ, ըստ լուրերուն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի ղեկավարը համոզեց, որ Արցախի հարցը կարելի է առաջարկուող փուլային տարբերակով չլուծել՝ նման քայլերը մեզ հետաքրքրող նիւթին հետ կապ ունին:
…«Պայտըն (Պլինքըն, Մաքրոն, Շոլց, Սթոլթենպերկ) խստօրէն զգուշացուցած են Ալիեւը եւ, հիմա ան, եթէ ձեռք չէ քաշած իր գլուխէն, այլեւս երբեք Հայաստանի դէմ քայլ մը չառնէր»՝ արդէն քանի մը տարի է սա՛ է իշխանութեան արեւմտամէտ քարոզիչներու հիմնակէտը: Բայց նախ՝ «խիստ զգուշացնելը» ակնյայտ չափազանցութիւն է: Երկրորդ՝ այդ «զգուշացումները» առայժմ որեւէ արդիւնք չեն տուած: Երրորդ՝ յիշեալ քարոզիչներու «շէֆը» հիմա կարծես արեւմտեան միջնորդութենէն հրաժարած է։
Մեր ժամանակներու ամենամեծ խնդիրը այն է, որ քաղաքական գործիչները (ոչ միայն Հայաստանի մէջ) կրնան ամէն ինչ ըսել եւ ատոր համար որեւէ պատասխանատուութիւն չկրել:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի