«ՄԷ՛Կ ԱԶԳ, ՄԷ՛Կ ՅԱՂԹԱՆԱԿ»

Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն երէկ մասնակցութիւն բերաւ՝ Թուզլայի քաղաքապետութեան եւ Իսթանպուլի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան կողմէ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի մը։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ տարուած յաղթանակին երկրորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ Ղարաբաղի յաղթանակի երկրորդ տարեդարձը նշուեցաւ «Մէ՛կ ազգ, մէ՛կ յաղթանակ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկով մը։

Ֆահրետտին Ալթուն ելոյթին մէջ նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմը, որ սեպտեմբերի 27-ին սկսած էր, նուիրական պայքար մըն էր։ «Մենք այդ 44 օրերը պահ ու պահ, վայրկեան ու վայրկեան, ժամ առ ժամ, օր օրի ապրեցանք։ Տեսանք, թէ որքան մեծ պայքար մը տրուեցաւ եւ որքան մեծ յաղթանակ մը ապահովուեցաւ», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ այդ բռնագրաւումը իրականութեան մէջ ազգի մը դէմ մեծ յարձակում մըն էր։ «Թրքութեան դէմ յարձակում մըն էր, մահմետականութեան դէմ յարձակում մըն էր։ Երբ որ Շուշին ազատագրուեցաւ, Ղարաբաղի հողերը ազատագրուեցան, իրականութեան մէջ, սա միայն ո՛չ թէ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ, այլ ամբողջ թրքական աշխարհի յաղթանակն էր։ Փառք Աստուծոյ, այս յաղթանակը տարուած է եւ այսօր այս յաղթանակի երկրորդ տարեդարձը կը նշենք պատուով», ըսաւ ան։

Ելոյթին ժամանակ Ֆահրետտին Ալթուն շեշտեց, որ Հայաստանի երեսուն տարիներու ապօրինի բռնագրաւման ժամանակ աշխարհ լուռ մնացած էր։ Թուրքիա բոլոր բնագաւառներու մէջ դիրք գրաւած էր Ատրպէյճանի կողքին։ Այս կէտին վրայ Ֆահրետտին Ալթուն յիշեցուց, որ 2010 թուականին Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնութիւն մը ստորագրուած էր։ Թուրքիա այդ համաձայնութեան յղումով օժանդակած էր Ատրպէյճանին։

Բաց աստի, Ֆահրետտին Ալթուն դիտել տուաւ, որ այժմ Թուրքիա դարձած է երկիր մը, որ իր տարածաշրջանէն ներս տագնապներու յաղթահարման նպաստ կը բերէ։ «Թուրքիա տարածաշրջանէն ու աշխարհէն ներս կայունացուցիչ ուժ մը եղած է», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ «Թուրքիոյ դարուն» հնարաւոր է աւելի արդար աշխարհ մը կառուցել։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նոյն հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ Իսթանպուլի մօտ Ատրպէյճանի աւագ հիւպատոս Նարմինա Մուսթաֆաեւա եւ Թուզլայի քաղաքապետ Շատի Եազըճը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022