ԱՐՁԱՆ-ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ
Երէկ, Երեւանի մէջ հայկական երաժշտական աշխարհին տեսակէտէ շատ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, մայրաքաղաքի սրտին՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ պաշտօնապէս բացուեցաւ հայ երաժշտութեան երախտաշատ հսկաներէն Օհան Դուրեանի արձան-յուշակոթողը։ Այս իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ ի նշանաւորումն Օհան Դուրեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին։
Արձան-յուշակոթողի հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախարարներ եւ այլ բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ, մշակոյթի գործիչներ եւ այլն։ Հոգելոյս Օհան Դուրեանի այրին եւ այլ հարազատներն ալ մասնակիցներու շարքին էին։
Այս արձան-յուշակոթողի բացումով Օհան Դուրեան մշտական ներկայութիւն մը դարձաւ Երեւանի սրտին վրայ։ Ազատութեան հրապարակին վրայ կանգնեցուած արձան-յուշակոթողի հեղինակն է՝ քանդակագործ Գետիկ Պաղտասարեան։ Ճարտարապետն է՝ Սահակ Սաֆարեան։ Յուշակոթողի ապակէ պատուանդանը ստեղծագործուած է Արսէն Պետրոսեանի կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Օհան Դուրեանի 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքը սկսած էր Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի՝ Երեւանի 14-րդ Միջազգային երաժշտական փառատօնով։