ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Երբ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը արդէն բաւական բարդ փուլ մը թեւակոխած է, Ստեփանակերտի ղեկավարութեան մէջ երէկուան դրութեամբ տեղի ունեցաւ կարեւոր փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Արցախի պետական նախարար նշանակուեցաւ Ռուբէն Վարդանեան։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս նշանակումը կատարեց՝ Ռուբէն Վարդանեանին յանձնելով պետական ամենակարեւոր կառոյցներու համակարգման պատասխանատուութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ Ռուբէն Վարդանեան ունեցաւ ելոյթ մը։ «Մենք Արցախը ստացած ենք մեր նախնիներէն ու պարտաւոր ենք փոխանցել հայութեան յաջորդ սերունդներուն», ըսաւ ան։
Ինչպէս ծանօթ է, Ռուբէն Վարդանեան ռուսահայ յայտնի գործարար մըն է եւ որպէս ձեռներէց իր ծաւալած գործունէութեան առընթեր ան աշխոյժ աշխատանք կը տանի նաեւ որպէս հասարակական գործիչ։ Այժմ ան Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը ստանձնելով արդէն ուղղակիօրէն մուտք գործած կ՚ըլլայ քաղաքական բնագաւառ։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ռուբէն Վարդանեան Ռուսաստանէն հրաժեշտ առնելով վերջնականօրէն հաստատուած էր Արցախ։