ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Նաիրոպիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Քենիայի նախագահ Վիլիըմ Ռութոյին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանի եւ նախագահի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ կարեւոր է երկկողմանի օրակարգի ընդլայնումը ու շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ներուժը իրացնելու հնարաւորութիւնը։ Նախագահ Ռութօ շնորհաւորեց դեսպան Սարգսեանը՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ իր պաշտօնավարումը կը նպաստէ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման։

Դեսպան Սահակ Սարգսեան, որուն նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ, Եթովպիօ առընթեր, Հայաստանը համատեղութեան կարգով կը ներկայացնէ նաեւ Քենիայի մօտ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024