Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԵՐԿՈՒ ԶՈՀ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՎԻՐԱՒՈՐ
Երեւանի արուարձաններէն Նոր Արէշի մէջ երէկ պատահեցաւ պայթում մը, որ խլեց երկու զոհ։ Դէպքին հետեւանքով երկու հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Թաղամասի 34-րդ փողոցին մէջ պատահեցաւ պայթումը, որու հետեւանքով կարգ մը տուներ փլան կամ վնասուեցան։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պայթումի հետեւանքով զոհուածները ամուսիններ են։
Դէպքէն վերջ պատկան մարմինները ձեռնարկեցին հարցաքննութեան։ Այսպէս, ձեւաւորուեցաւ քննչական խումբ մը։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հարցաքննութեան նպատակն է պարզել պայթումին պատճառները։
Հանրային կարծիքը ուշադրութեամբ կը սպասէ պայթումի պատճառի յստակեցման։
Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024