ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու դէ­պի Նիւ Եորք կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն ներս գոր­ծող թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Թրքա­կան կայ­քէ­ջե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ՝ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այլ խնդիր­նե­րու շար­քին այս տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու անդ­րա­դար­ձած է նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին, 2015 թուա­կա­նի նշուող տա­րե­լի­ցին։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի մէկ կողմ թո­ղուին ազ­գա­յին հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք ի­րա­կա­նա­ցուի 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015