ԱՆԻԹԱ ԱՆՍԷՐԵԱՆԻՆ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ շարք մը պար­գե­ւատ­րում­ներ։ Այս շրջագ­ծով յատ­կան­շա­կան էր ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ծրագ­րե­րու գծով տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Ան­սէ­րեա­նի պար­գե­ւատ­րուի­լը։ Այս­պէս, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ ի­րեն շնոր­հուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» պա­տուոյ շքան­շա­նը։ Հա­մա­գու­մա­րի հան­դի­սա­ւոր նիս­տին ըն­թաց­քին Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան Ա­նի­թա Ան­սէ­րեա­նի լամ­բա­կին զե­տե­ղեց շքան­շա­նը ու մե­ծա­րեա­լին յանձ­նեց նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կը։

Բաց աս­տի, Ե­րե­ւա­նի մօտ Ուք­րայ­նոյ նախ­կին դես­պան Ա­լեք­սանտր Պոժ­քո­յին յանձ­նուե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի «Կար­պիս Փա­փա­զեան» ոս­կէ մրցա­նա­կը։ Հարկ է նշել, որ Ա­լեք­սանտր Պոժ­քօ մաս­նա­գի­տու­թեամբ հա­յա­գէտ է։

Դար­ձեալ հա­մա­գու­մա­րի օ­րե­րուն, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի տնօ­րէն Հայկ Տէ­մո­յեա­նին շնոր­հուե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի ար­ծա­թէ մե­տայլն ու պա­տուոյ ան­դա­մի տիտ­ղո­սը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015