ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած 88-րդ հա­մա­գու­մա­րի ծրագ­րով ի­րա­կա­նա­ցած զրոյց­նե­րու շար­քը շա­բա­թա­վեր­ջին եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ։ Ուր­բաթ, Ապ­րի­լի 3-ին կազ­մա­կեր­պուած վեր­ջին զրոյ­ցը խո­րագ­րուած էր՝ «Հա­յու­թեան մի­ջազ­գա­յին դիր­քե­րու ամ­րապն­դու­մը»։

Թէեւ Ե­րե­ւա­նէն բա­ւա­կան հե­ռու շրջա­նի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վեր­ջին զրոյ­ցը, սա­կայն ա­նոր նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը նուազ չէր նա­խորդ­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։ Այս զրոյ­ցին մաս­նակ­ցե­ցան հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րով մտա­հոգ կամ ա­նոնց­մով հե­տաքրք­րուած թէ՛ հա­յեր եւ թէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Զրոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը սկիզ­բին ծա­նօ­թա­ցան ներ­կայ կրթա­կան տա­րուան սկիզ­բին իր դռնե­րը բա­ցած Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին ու ա­նոր սքան­չե­լի հա­մա­լի­րին։ Շրջայ­ցի ար­դիւն­քին բո­լո­րը չկրցան թաքց­նել ի­րենց հիաց­մուն­քը եւ ող­ջու­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ այս­պի­սի փա­ռա­հեղ կրթա­կան ծրագ­րի մը կեան­քի կո­չուած ըլ­լա­լու ե­րե­ւոյ­թը։

ՀԲԸՄ-ի կազ­մա­կեր­պած զրոյ­ցին ծի­րէն ներս ա­ռա­ջին հեր­թին տան­տի­րոջ ի­րա­ւուն­քով ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեան, ո­րու ղե­կա­վա­րած հիմ­նար­կին կող­մէ կը հո­վա­նա­ւո­րուի Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը։ Վար­դա­նեա­նէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նը՝ Ճոն Փա­տը­ֆուտ։ Այս վեր­ջի­նը նախ հա­յե­րէ­նով ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի վերջ անգ­լե­րէ­նով ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ նո­րա­հիմն կրթօ­ճա­խի ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Ինչ­պէս նա­խորդ զրոյց­նե­րը, եզ­րա­փա­կիչ փու­լի հա­ւա­քոյթն ալ վա­րեց յայտ­նի հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դա­վար Ար­տակ Ա­լեք­սա­նեան։ Նա­խորդ քննար­կում­նե­րուն ալ լոյ­սին ներ­քեւ ան ընդգ­ծեց, որ ՀԲԸՄ ար­դէն կը գոր­ծէ ա­ւե­լի քան դա­րէ մը ի վեր եւ է՝ հա­յու­թեան կեան­քէն ներս կա­րե­ւո­րա­գոյն դեր ու­նե­ցած եւ ներ­կա­յիս ալ ու­նե­ցող հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց մը։ Ներ­կա­յիս ՀԲԸՄ թե­ւա­կո­խած է իր գո­յու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան երկ­րորդ հա­րիւ­րա­մեա­կը եւ կը փոր­ձէ ի մի բե­րել հա­յու­թեան խնդիր­նե­րը, քննար­կում­նե­րու մի­ջո­ցաւ բիւ­րե­ղաց­նել, թէ Հա­յաս­տան այ­սօր ի՞նչ ճամ­բով կ՚ըն­թա­նայ եւ ա­պա­գա­յին ինչ­պի­սի՞ Հա­յաս­տան մը գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ։ Այս հա­կիրճ նե­րա­ծա­կա­նէն վերջ ան բա­ցատ­րեց նաեւ զրոյց­նե­րու շար­քի վեր­ջին հանգ­րուա­նին նիւ­թը։

Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Ռու­բէն Վար­դա­նեան, GK Brand ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան, Հա­յաս­տա­նի «Հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Թի­մո­թի Սթրայթ եւ Golden Grape ArmAs գի­նե­գոր­ծու­թեան ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Վիք­թո­րիա Արս­լա­նեան։

Բա­նա­խօս­նե­րը, ըստ էու­թեան, կեդ­րո­նա­ցան այն կէ­տին վրայ, թէ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը ինչ­պի­սի գոր­ծօն­նե­րով կրնայ միա­ւո­րուիլ եւ Հա­յաս­տան այ­սու­հե­տեւ ազ­գա­յին ինչ դի­մագ­ծով կրնայ ներ­կա­յա­նալ աշ­խար­հին՝ ամ­րապն­դե­լով իր դիր­քե­րը։ Բո­լոր ա­տե­նա­խօս­նե­րը նկա­տե­ցին, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­ցա­սա­կան մի­ջա­վայ­րը, յո­ռե­տես ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան մար­դոց հո­գե­բա­նու­թեան վրայ եւ կը յա­ռա­ջաց­նեն ընկ­ճուա­ծու­թիւն։ Մինչ­դեռ, ա­նընդ­հատ պէտք է ցոյց տրուին լաւ օ­րի­նակ­նե­րը, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը դուրս գայ տե­ւա­կան յու­սա­հա­տու­թե­նէ եւ յա­ռաջ տա­նի եր­կի­րը։

Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի հա­մոզ­մամբ, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Հա­յաս­տանն ու հայ­կա­կան աշ­խար­հը ի­րա­րու կա­պե­լը։ Ա­նոնց եր­կու­քին մի­ջեւ պէտք է ստեղ­ծուի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ զի­րար հասկ­նա­լու դաշտ մը։ Այս ա­ռու­մով Ռու­բէն Վար­դա­նեան մեկ­նա­բա­նեց ՀԲԸՄ-ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ընդգ­ծե­լով, որ ան ձեռ­նարկ­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ՝ հայ­կա­կան աշ­խար­հը հա­մախմ­բե­լու եւ միա­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ըստ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի, այ­սօր հնա­րա­ւոր է կազ­մա­կեր­պել հայ աշ­խար­հը, ե­թէ թէ՛ Հա­յաս­տան եւ թէ Սփիւռ­քը տես­նեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­գու­տը, ո­րով­հե­տեւ այդ պա­րա­գա­յին եր­կուս­տեք կամք մը կը գո­յա­նայ։ Վար­դա­նեան ա­ւել­ցուց, որ հա­յուն մտա­ծե­լա­կեր­պը մի­տուած է գո­յա­տեւ­ման եւ այժմ պէտք է փո­խուի դէ­պի բար­գա­ւա­ճում։ Հայ մար­դը պէտք է դադ­րի կրկնե­լէ, որ ա­մէն ինչ վատ է եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ մի­ջա­վայր չկայ։ Ե­թէ այդ­պի­սի մտա­ծե­լա­կեր­պը շա­րու­նա­կուի, ա­պա, Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի հա­մոզ­մամբ, հա­յը ա­պա­գայ չի կրնար ու­նե­նալ։ «Ես մեծ փա­փաք ու­նիմ, որ­պէս­զի ե­րա­խա­ներս հպար­տու­թիւն զգան հայ ըլ­լա­լու հա­մար։ Ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում մըն է, երբ քու ե­րա­զանքդ ի­րա­կա­նու­թիւն կը դարձ­նես եւ ա­տոր հա­մար բա­ցար­ձա­կա­պէս պայ­ման չէ, որ ըլ­լաս մի­լիա­ռա­տէր։ Անհ­նա­րին ո­չինչ կայ», ը­սաւ Ռու­բէն Վար­դա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ մի­ջա­կու­թիւ­նը ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր հի­ւան­դու­թիւնն է, որ կայ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ կը խեղ­դէ մի­ջա­վայ­րը, հե­տե­ւա­բար այդ մէ­կը պէտք է յաղ­թա­հա­րուի ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն։

Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այս­պի­սի հան­դի­պու­մի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած ըլ­լա­լու բե­րու­մով։ Ան յայտ­նեց, թէ ՀԲԸՄ-ի ար­ժէք­նե­րը հա­րա­զատ կը զգայ ինք­զին­քին։ Զա­նա­զան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կամ հար­ցա­խոյզ­նե­րու հա­մադ­րեալ ար­դիւնք­նե­րու լոյ­սին տակ ան բա­ցատ­րեց, որ աշ­խար­հի վրայ այ­սօր շա­տեր չեն ճանչ­նար Հա­յաս­տա­նը։ «Մէկ կող­մէ վատ է, որ մար­դիկ չեն գի­տեր Հա­յաս­տա­նի մա­սին, բայց մե­զի հա­մար, որ­պէս ըն­կե­րու­թիւն, այդ մէ­կը շատ լաւ է, ո­րով­հե­տեւ այդ պա­րապ տե­ղը կրնանք լեց­նել այն­պէս, ինչ­պէս որ մենք կը փա­փա­քինք։ Մենք կրնանք փո­խել Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ հին պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, եւ ստեղ­ծել նոր պատ­մու­թիւն մը», ը­սաւ ան եւ բաժ­նեց իր ըն­կե­րու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը՝ զբա­ղե­լու ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շի ստեղծ­մամբ։ Գա­լայ­ճեան կա­րե­ւո­րեց, որ­պէս­զի վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի դրա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցուին աշ­խար­հին։

Թի­մո­թի Սթրայթ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նի դի­ւա­նա­գէտ մըն է, 15 տա­րիէ ի վեր գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ երկ­րէն ներս։ Ան Հա­յաս­տա­նը այն­քան սի­րած է, որ մնա­ցած է այն­տեղ ու կը զբա­ղի այլ գոր­ծու­նէու­թիւ­նով՝ 15 տա­րիէ ի վեր։ Երկ­րի 14 հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րէն ներս ան հիմ­նած է կի­նե­րու զբա­ղուա­ծու­թեան կեդ­րոն­ներ, ո­րոնց­մէ ներս կա­տա­րուած ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը պա­հան­ջարկ ու­նին Հա­յաս­տա­նէն դուրս եւ ա­նոնց վա­ճառ­քով գո­յա­ցած հա­սոյ­թին շնոր­հիւ՝ ե­կա­մուտ կ՚ու­նե­նան կի­նե­րը։ Ան իր հետ բե­րած էր այդ կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն մէջ պատ­րաս­տուած ձե­ռա­գործ ի­րե­ղէն մը՝ որ­պէս օ­րի­նակ։ Սթրայթ ներ­կա­նե­րուն պար­զա­պէս ցոյց տուաւ ձե­ռա­գործ ար­ջուկ մը եւ յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տադ­րուա­ծը Չի­նաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տուա­ծին բաղ­դատ­մամբ ու­նի ա­ւե­լի լաւ ո­րակ մը եւ ա­ւե­լի ա­ժան է։ Սա կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, որ Հա­յաս­տա­նի ու­ժե­րը անս­պառ են, պար­զա­պէս ա­նոնք թաք­նուած են ու պէտք է ե­րե­ւան բե­րուին, պէտք է արթն­նան։ Թի­մո­թի Սթրայթ նշեց նաեւ, թէ պայ­ման չէ մե­ծա­ծա­ւալ նա­խագ­ծեր ի­րա­կա­նաց­նել՝ Հա­յաս­տա­նը մրցակ­ցա­յին դարձ­նե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը հնա­րա­ւոր է նաեւ փոք­րա­ծա­ւալ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ո­րա­կեալ ու մրցու­նակ ար­տադ­րան­քով։

Վիք­թո­րիա Արս­լա­նեանն ալ պատ­մեց իր ղե­կա­վա­րած ըն­կե­րու­թեան ար­ձա­նագ­րած նուա­ճում­նե­րուն լոյ­սին տակ ամ­բա­րուած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Ան խորհր­դան­շա­կան բա­նա­ձե­ւում­նե­րով պատ­մեց, թէ օգ­տա­գոր­ծած են Նո­յի ա­ռաս­պե­լը, ինչ որ նպաս­տած է լաւ գի­նի­նե­րու ար­տադ­րու­թեան։ Եւ այդ­պէ­սով կրցած են քա­նի մը տա­րուան ըն­թաց­քին հաս­նիլ՝ ութ­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին Ֆրան­սա­յի հա­սա­ծէն ա­ւե­լիին։ Ան բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի խրա­խու­սեն հայ­կա­կան ար­տադ­րան­քը եւ տուեալ պա­րա­գա­յին՝ գնեն հայ­կա­կան լա­ւա­գոյն գի­նին, որ այ­սօր մրցու­նակ է աշ­խար­հի մէջ։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ ա­տե­նա­խօս­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին նաեւ ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։

Ա­ւար­տին, ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեր­դա­կեան ամ­փո­փեց այս ե­րեք զրոյց-քննար­կում­նե­րը։ Ան ը­սաւ, թէ զրոյց­նե­րու կազ­մա­կեր­պուած վայ­րե­րը պա­տա­հա­բար չէին ընտ­րուած։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նուած զար­գաց­ման կեդ­րոն­ներ են եւ ի­րենց տա­րած գոր­ծու­նէու­թեամբ ուղ­ղա­կի ա­ղերս ու­նին ՀԲԸՄ-ի նա­խա­ձեռ­նած զրոյց­նե­րու նիւ­թե­րուն հետ։ Պերճ Սեդ­րա­կեան կա­րե­ւոր նկա­տեց ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­գու­մա­րին Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կերպ­ման ե­րե­ւոյ­թը։ Ըստ ի­րեն, ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րու եզ­րա­փա­կիչ փու­լին՝ սոյն հան­դի­պում­նե­րու եւ քննար­կում­նե­րու լոյ­սին տակ, ար­դէն ու­րուագ­ծուած կ՚ըլ­լայ ճա­նա­պարհ մը, ո­րով Հա­յաս­տան պի­տի ըն­թա­նայ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն՝ հա­ւա­սա­րա­պէս մրցե­լով աշ­խար­հի հետ եւ ամ­րապն­դե­լով հա­յու­թեան դիր­քե­րը՝ յա­ռա­ջա­տար բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015