ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԷՔԿԷՕԶԵԱՆԻ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՆՐԳՄԱՆՈՒԱԾ «ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔ» ՎԷՊԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ
Ահմէտ Համտի Թանփընարի անունը կրող Իսթանպուլի գրական փառատօնը այս տարի կը կայանայ 4-8 Մայիս թուականներուն միջեւ՝ «Քաղաք եւ սահմաններ» կարգախօսով։ Ի շարս բազմաթիւ գրողներու, այս տարի փառատօնին կը մասնակցի նաեւ Երեւանէն Յովհաննէս Թէքկէօզեան, որու «Փախչող քաղաք» վէպը թրքերէնով ալ տպագրուած էր «Այրընթը» հրատարակչատունէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի թարգմանութեամբ։ Այս շրջագծով Թէքկէօզեան մասնակցեցաւ երկու ասուլիսներու։ Առաջինը կայացաւ Երկուշաբթի երեկոյեան, «Աթաթիւրք» գրադարանի պարտէզին մէջ տեղադրուած վրանին տակ։ Ասուլիսը վարեց գրականագէտ Մուրատ Շեւքէտ Չոպան։ Թէքկէօզեանի կողքին մասնակից էին նաեւ տաղանդաւոր արձակագիր Սեմա Քայկուսուզ եւ Սլովենիայէն Ռենեթա Սալեքլ։ Մարդը, որ կտրուած է իր արմատէն, գիտակցութենէն դուրս ունի լքուածութեան եւ անարմատ մնալու հետքերը։ Մահ, աքսոր եւ ցաւ ապրած մարդը ամէն ինչէն ետք կը հարցնէ ինքն իրեն․ «Ինչո՞ւ ես»։ Վերապրած ըլլալը յանցաւորութեան զգացում կը ներշնչէ եւ արդեօք կարելի՞ է զայն յաղթահարել գրականութեամբ։ «Գրականութիւնը «անզրուցելիի» սահմանին» խորագրով կայացած այս զրոյցի ընթացքին գրողները իրենց ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն անդրադարձան մարդկային մութ ու ողբերգական պատմութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան, Տերսիմի կոտորածին եւ Պալքանեան ողբերգութեան։
Իսկ երկրորդ ասուլիսը կայացաւ երէկ երեկոյեան, նոյն վայրը։ Մասնակիցներն էին վիպագիր Ասլը Է․ Փերքէր եւ Յովհաննէս Թէքկէօզեան։ Զրոյցը վարեց թարգմանչուհի Այշէ Իւնալ Էրսէօնմէզ։ «Զանցել գիծը․ Սահմանը «միւսի» աչքով» խորագրով ասուլիսի ժամանակ մասնակիցները քննարկեցին երկրորդներու կողքին երրորդ տարածքի մը հնարաւորութիւնները՝ պետութիւններու, հասարակութիւններու կողմէ թելադրուած թապուներէն, մշակեալ ընկալումներէն դուրս։
Երկու հանդիպումներու աւարտին ալ մասնակիցները պատասխանեցին ունկնդիրներու հարցումներուն։