ՆԱԽԱՐԱՐ ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱՃԱՇ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ
Եւրոպական միութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է երեսփոխանութեան թեկնածու, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երէկ առաւօտ Սկիւտարի շրջանի փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Սկիւտարի քաղաքապետութեան զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաճաշը, որուն ներկայ գտնուեցան ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավար Հալիտ Հըզըր եւ նոյն մասնաճիւղի փոքրամասնութեանց գծով պատասխանատու Նուրճան Ալթըն։
Մեր համայնքին կողմէ ներկայ գտնուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քահանայ Ֆէնէրճեան, նոյն եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները։ Ս. Խաչի ընտանիքի անդամները ջերմ վերաբերմունքի արժանացան հաւաքոյթի կազմակերպիչներուն կողմէ, նաեւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին Վոլքան Պոզքըրի հետ։
Նախաճաշի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Նուրճան Ալթըն, Հալիտ Հըզըր եւ Տ. Կորիւն Քահանայ Ֆէնէրճեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Յովհաննէս Կոպոյեան, որ մատնանշեց ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած բարեացակամ վերաբերմունքը։ Այս բոլորէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Վոլքան Պոզքըր, որ խօսեցաւ ԱՔ կուսակցութեան որդեգրած սկզբունքներուն եւ յառաջիկայ շրջանի վերաբերեալ կանխատեսումներուն շուրջ։
Ի յիշատակ այս հաւաքոյթին Հալիտ Հըզըրի կողմէ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ նախարար Վոլքան Պոզքըրին։