ԿԱՄՊԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներուն՝ Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Կամպիոյ մէջ, ուր կազմակերպուած էր Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 15-րդ գագաթաժողովը։

Ֆիտան-Ապտուլլահիան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակը՝ մանաւանդ Կազզէի պատերազմը։ Ըստ Ապտուլլահիանի՝ Իրան կը կարեւորէ Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումը՝ Իսրայէլի հետ առեւտրային կապերը խզելու մասին։ Իր կարգին, Հաքան Ֆիտան ողջունեց Անգարա-Թեհրան համագործակցութեան ամրապնդումը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարթութիւններու վրայ։ Նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիա իսլամական աշխարհի առաջնահերթ խնդիրը կը համարէ Պաղեստինի տագնապը, ուստի այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է իսլամական պետութիւններու առաւել աշխոյժ դերակատարութիւնը։ Նախարարները աչքէ անցուցած են նաեւ Իրանի նախագահ Ռայիսիի Թուրքիա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։

Հաքան Ֆիտան-Ճէյհուն Պայրամով հանդիպման ընթացքին ալ կարծիքներ փոխանակուեցան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դաշնակցային յարաբերութիւններուն շուրջ։ Անոնք շեշտեցին, որ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ աշխոյժ զարգացում կը նկատուի եւ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի մը վրայ են։

Կամպիոյ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Հաքան Ֆիտան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ՝ Սոմալիի, Սուտանի, Թաթարիստանի, Մարոքի եւ Փաքիստանի պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024