ՄԱՅԻՍԻ 10-ԻՆ ԱԼՄԱԹԻ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ալմաթիի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մայիսի 10-ին։ Երկու նախարարներու այս հանդիպման միջոցէ մը ի վեր կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Թէեւ ժամադրութիւնը Ալմաթիի մէջ տեղի պիտի ունենայ, սակայն Ղազախիստան նախապէս յայտարարած էր, որ ինք միջնորդի դերակատարութիւն չունի։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ Հայաստանի հետ սահմանագծման զուգահեռ վերջին օրերուն ըսած էր հետեւեալը. «Սկսած սահմանազատումը ցոյց կու տայ, որ մեզ պէտք չեն միջնորդներ»։

Հարկ է նշել, որ Արարատ Միրզոյեան Ալմաթիի ժամադրութեան ընդառաջ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պուտափեշտ, ուր կը հիւրընկալուի Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոյի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024