ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՆՈՐ ՁԳՏՈՒՄԸ
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը փափաքի իր սահմանապահները տեղակայել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ»։
Շաբաթավերջին թողարկուած յայտարարութիւններուն մէջ ան դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան իսկապէս կը փափաքի մաս կազմել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին։ Վերլուծաբանը այս հանգամանքի վառ ապացոյցը համարեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւններէն մին, ըստ որու՝ Մոսկուա ունի լաւագոյն քարտէսները։ Այսինքն, Լաւրով ըսել ուզած է, թէ պէտք է ռուսական կողմին մօտ երթալ՝ որոշելու համար, որ սահմանը ուրկէ՛ կ՚անցնի։ Թոմաս տը Վաալ յիշեցուցած է նաեւ, որ Հայաստան ռուս սահմանապահներ ունի Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմաններուն վրայ։ Ներկայիս Ռուսաստան շատ կ՚ուզէ նաեւ իր սահմանապահները տեղակայել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Յամենայնդէպս, Տը Վաալի համոզմամբ՝ Երեւանն ու Պաքուն ունին ընդհանուր բան մը։ Արդարեւ, անոնց համար փափաքելի չէ, որ ռուս սահմանապահներ գտնուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով։
Ի լրումն այս բոլորին, Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ատրպէյճանի սահմանին Հայաստանի չորս գիւղերու յանձնելը պէտք է դիտարկել՝ որպէս Ռուսաստանը ետ մղելու ջանքերու շրջանակին մէջ։ «Միեւնոյն ժամանակ, կայ ուրիշ կարեւոր բան մը, որու մասին պէտք է խօսինք։ Մենք ամէն անգամ թէեւ այդ մասին կը խօսինք, բայց սա թերեւս աներեւակայելիօրէն կարեւոր է։ Սա այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքն» է՝ Մեղրիով դէպի Նախիջեւան երթուղին։ Ես բաւական անհանգստացած եմ, որ այս հարցին մէջ Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը կը համագործակցին», շեշտած է Տը Վաալ։
Միւս կողմէ, Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Ռուսաստանի նախագահ Փութինի երդման արարողութեան։