ՊՈՌԹԿՄԱՆ ԱԼԻՔ

Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման գործնական սկիզբը, Տաւուշի սահմանակից չորս գիւղերու յանձնումը Հայաստանի մէջ պոռթկման նոր ալիքի մը ծնունդ տուած է։ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ Կիրանց գիւղի բնակիչները բողոքի երթի մը ձեռնարկած են դէպի Երեւան։ Անոնք հետիոտն կը յառաջանան մարզէ մարզ. «Տաւուշը յանուն հայրենիքի», «Շիրակը յանուն հայրենիքի» եւ այսպէս շարունակ։ Քայլերթի մասնակիցները երէկ Հաղարծինի պատմական վանքին մէջ ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագի, իսկ այս հինգշաբթի՝ Համբարձման տօնին օրը կը պատրաստուին հասնիլ մայրաքաղաք։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցները ողողուած են այս իրադարձութեան վերաբերեալ լուրերով՝ մինչ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան երէկ մամուլին բացայայտօրէն յայտարարեց. «Մենք չենք գործեր առանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան»։

Քայլերթի մասնակիցները արդէն հասած են Սեւան քաղաքը, Գեղարքունիքի մարզ։ Իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ՝ քանի Հայաստանի հասարակութեան մէջ կուտակուած հակազդեցութիւնը ունի ներքին քաղաքական նոր խմորումներու դուռ բանալու ներուժը։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024