ԱՄՆ-Ի ԿՈՂՄԷ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ նախընտրական քարոզարշաւի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն հայոց, ամերիկեան թերթերու եւ միասեռականներու հասցէին կատարուած արտայայտութիւնները տեղի տուին Ուաշինկթընի քննադատութեան։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ռազմավարական հարցերով աւագ խորհրդական Մերի Հարֆ երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ այս հարցին, որ տեղի տուած է ամերիկեան կողմի ժխտական արձագանգին։ Յիշեցնելով, որ ԱՄՆ միշտ կը պաշտպանէ խօսքի ազատութիւնը՝ Մերի Հարֆ ըսաւ.
«Մենք մտահոգուած ենք խօսքի ազատութեան ոլորտէն ներս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կատարուող միջամտութիւններով։ Կոչ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց գործողութիւնները համապատասխանեցնեն ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն՝ ապահովելով արդարադատութեան անկախութիւն, խօսքի եւ լրատուական ազատութեան»։
Լրագրող մը ուղղած է հետեւեալ հարցը. «Կը քննադատէ՞ք հայերու, լրագրողներու եւ միասեռականներու հասցէին Էրտողանի կատարած քննադատական յայտարարութիւնները»։ Ի պատասխան Հարֆ ըսաւ. «Անկասկած»։
Հարկ է նշել, որ Հարֆի յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտած են հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ։