ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

Վա­ղը, բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ 25-րդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի կազ­մը պի­տի ձե­ւա­ւո­րուի այս քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին։ Նա­խընտ­րա­կան ե­կար ու լա­րուած քա­րո­զար­շա­ւէն վերջ այ­լեւս բո­լո­րը կը սպա­սեն ժո­ղո­վուր­դի դա­տաս­տա­նին։ Մեծ մրցակ­ցու­թիւն մը կ՚ապ­րուի ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան, ՃՓՀ­-ի, ՄՀՓ­-ի եւ ՀՏՓ­-ի մի­ջեւ։ Կրնայ ըլ­լալ, որ ձայ­նե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ա­նոնց մի­ջեւ գտնուին տար­բե­րու­թիւն­ներ, սա­կայն ա­պա­գայ խորհր­դա­րա­նէն ներս ապ­րուե­լիք ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման ի­մաս­տով մեծ է այդ մրցակ­ցու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Վա­ղը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րեք ընտ­րու­թիւն­նե­րու այն մա­րա­թո­նը, որ վեր­ջին շուրջ մէ­կու­կէս տա­րուան ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ։ Տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւ­նը եւ ի վեր­ջոյ վա­ղուա­նը, ո­րով տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յի հա­մար յստակ պի­տի դառ­նայ ա­մէն ինչ։

Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ե­զա­կի կը հա­մա­րուին վա­ղուան ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին ան­գամ հան­րա­պե­տու­թեան ընտ­րեալ նա­խա­գա­հի մը գո­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի ընտ­րէ նաեւ ե­րես­փո­խան­նե­րը, մինչ երկ­րէն ներս հա­սուն­ցած կը հա­մա­րուի նաեւ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մը պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ Վերջին տա-րիներուն Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգի առանցքային խնդիրներու շարքին կը դասուի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։ Ճիշդ է, որ այս նիւթը կը դիտարկուի նախագահական դրութեան անցնելու կամ չանցնելու նեղ շրջագծին մէջ, սակայն անտարակոյս եթէ համապատասխան մթնոլորտը ձեւաւորուի՝ սա միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ երկրի ժողովրդավարութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու համար։

ՏԱՐԻՆԵՐ ՎԵՐՋ ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ​

Վա­ղուան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին թրքա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ վերջ իս­կա­կան հե­ռան­կար մը գո­յու­թիւն ու­նի՝ որ­պէս­զի հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի մը կա­րե­նայ ընտ­րուիլ ե­րես­փո­խան՝ մուտք գոր­ծե­լով խորհր­դա­րան։ Հե­տաքրք­րա­կան հան­գա­մանք­նե­րէն մին այն է, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու այս սպա­սու­մէն վերջ ար­դէն հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ե­րեք թեկ­նա­ծու խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծե­լու եզ­րին հա­սած են։ Ծա­նօթ է, որ այդ թեկ­նա­ծու­ներն են՝ Սե­լի­նա Տո­ղան (ՃՀՓ), Մար­գար Է­սաեան (ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն) եւ Կա­րա­պետ Փայ­լան (ՀՏՓ)։ Այս վեր­ջին­նե­րու շար­քին Սե­լի­նա Տո­ղա­նի դիր­քը ար­դէն շատ ա­մուր է եւ իր խորհր­դա­րան չմտնե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը բա­ցա­ռուած է։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քէն դա­տե­լով՝ Մար­գար Է­սաեա­նի ընտ­րուե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնն ալ բա­ւա­կան բարձր է, հաշուի առնելով իր կուսակցութեան ներուժը։ Կա­րա­պետ Փայ­լանն ալ ընտ­րուե­լու բարձր հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն ու­նի, ե­թէ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րէ նուա­զա­գոյն քուէ­նե­րու պատ­նէ­շը։

Թրքա­հայ հա­մայն­քը, սկզբուն­քօ­րէն, փոր­ձած է միշտ հա­ւա­սար հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ մնալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ եւ այս ա­ռու­մով հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ դրա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է, որ տար­բեր աշ­խար­հա­հա­յեաց­քով, մէ­կէ ա­ւե­լի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­մէ թեկ­նա­ծու­ներ ցոյց տրուած են հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շար­քէն։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015