ԻՐԱՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ
Մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն իրանեան զինեալներու Դամասկոս հասնելուն մասին: Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն, անցնող երեք օրերուն Դամասկոս հասած իրանցի եւ իրաքցի զինեալներուն թիւը կը հասնի եօթ հազարի: Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն այդ ուժերուն թիւը հասնի տասներկու հազարի։ Թէեւ առաջին անգամը չէ, որ նման տեղեկութիւններ կը հրապարակուին, սակայն բացորոշ է նաեւ, թէ այս հանգրուանին Իրանէն Սուրիա զինուորներ առաքելը տրամաբանական է: Անցնող 25 Ապրիլէն ի վեր էսատեան ուժերը ծանր կորուստներ ունեցան: Անցումային կը համարուէր յատկապէս «Ժըսր Ալ Շուղուր» շրջանին իսլամական ուժերու տիրապետութեան տակ անցնիլը: Տաս օրեր առաջ նոյն էսատեան ուժերը փորձեցին գրաւման տակ եղող քաղաքի գլխաւոր հիւանադանոցի դէմ եղած պաշարումը ճեղքել: Անոնց փորձերը եղան անյաջող: Նախնական տեղեկութիւններով՝ հիւանդանոցին մէջ կային էսատեան բանակի երկու հարիւր յիսուն զինուորներ, որոնց շարքին էին նաեւ բարձրաստիճան սպաներ: Պաշարման փորձը յաղթահարելու ձախող փորձէն ետք ընդդիմութեան տարբեր աղբիւրներ լրատուութիւններ ըրին այն մասին, թէ Էսատի բանակը մեծ կորուստներ ունեցաւ: Աւելի ուշ թեման փակուեցաւ եւ սուրիական արիւնոտ օրագրութիւնը շարունակեց իր հունը: Էսատեան բանակը ծանր կրակէ օղակի տակ առաւ ընդդիմութեան ձեռքը անցած Իտլիպը, որուն արդիւնքով տասնեակ քաղաքացիներ սպաննուեցան: Այս բոլորին մասին խօսելէ զատ պէտք է շեշտադրել «Ժըսր Ալ Շուղուր» շրջանի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Հիմնական բանալին կը համարուի այդ շրջանը, ուրկէ կարելի կ՚ըլլայ կապ հաստատել Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն (Լաթաքիա), ինչպէս նաեւ երկրի կեդրոնը գտնուող Հոմս քաղաքին հետ: Ընդդիմութեան համար շատ «թանկ» ռազմավարական կէտ համարուող այդ հատուածը «կարեւոր պատառ» է, որովհետեւ «Ժայշ Ալ Ֆաթհ»ի հովանիին տակ եղող բոլոր ջոկատները (Ալ Նըսրա, Ալ Ժապհաթ, Ալ Շամիյաաթ եւ այլ խմբաւորումներ) այսօր կը հետապնդնեն դէպի ծովեզերք «արաշաւելու» նպատակը: Լաթաքիան կարեւոր վայր մըն է ընդդիմութեան համար, ո՛չ միայն ռազամակավարական գետնի վրայ, այլ նաեւ անոր մօտ կը գտնուի Քըրտահա աւանը, որ Էսատ ընտանիքի ծննդավայրն է: Մինչ ընդդիմութեան համար ներկայ պահու դրութեամբ Դամասկոսի կեդրոնը գրաւելու բոլոր ծրագիրները կը մնան սառեցուած, անդին Լաթաքիայի ճանապարհը կը թուի ըլլալ աւելի հեշտ: Այստեղ պէտք է նոյնպէս մատնանշել, որ Էսատի հովանաւորութեան տակ եղող բանակը սկսած է բոլոր ճակատներուն վրայ յոգնութեան նշաններ ցոյց տալ: Ասոր կարեւոր ապացոյցը Փալմիրա պատմական քաղաքի «յանձնում»ն էր, երբ վարչակարգային ուժեր գրեթէ առանց կապար մը իսկ կրակելու հեռացան շրջանէն: Ու նոր չէ այն տեսութիւնը, որ էսատեան վարչակարգը միշտ ալ կը խուսափի «Իրաք-Շամի իսլամական Պետութիւն»ի ( (ԻՇԻՊ) դէմ ճակատելէ: Սա երբեք չի նշանակեր, որ վարչակարգին ձեռնասունն է, բայց նման վարկած յառաջ քաշողները կը վստահեցնեն, թէ եթէ նոյնիսկ ԻՇԻՊ էսատեան վարչա-կարգի հիմնադրածը չէ, ապա նաեւ երեւելի է, որ կառավարական բանակի գործողութիւնները կ՚օժանդակեն ահաբեկչական այդ խմբաւորման աճին:
Քաղաքական գետնի վրայ Սուրիոյ պատերազմի այս փուլը կը յատկանշուի ռուսական երեւելի լռութեամբ: Մինչ Լավրով կը յայտարարէ, թէ Ռուսաստան եւ Միացեալ Նահանգներ գրեթէ մօտեցած են Սուրիոյ տագնապին յարմար քաղաքական լուծում մը գտնելու առումով, անդին սէուտցի դիւանագիտութեան պետը արտաքին գործոց նախարար՝ Ատէլ Ալ Ժուպայր կ՚ըսէ, թէ իրենք ամէն ճիգ պիտի գործադրեն, որպէսզի Սուրիոյ տագնապը քաղաքական լուծում ունենայ եւ կը շեշտադրէ, որ Նախագահ Պեշար Էսատ ոչ մէկ դեր պիտի ունենայ Սուրիոյ ապագային մէջ:
Պարանաձգութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Գետնի վրայ զինուորական գործողութիւնները աւելիով կրնան թէժանալ մինչեւ յառաջիկայ 30 Յունիսը, երբ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ Ժընեւի մէջ սեղանի գլուխ նստելով պիտի շրջեն կորիզային բանակցութիւններու վերջին էջը: Այս առումով համաձայնութեան կայացման եւ ստորագրման յոյսերը համահաւասար են: Իսկ եթէ արդիւնքները ժխտական ըլլան, իրանցի բանակցորդը կ՚անսայ Ամերիկայի «աղերս»ին եւ բանակցութիւնները դարձեալ կը յետաձգուին: Այս ընթացքին է, որ սիւննի-շիի առճակատման թիրախները նոր հուն պիտի ստանան: Այսպէս, եօթ հազար իրանցի զինեալները պիտի փորձեն գետնի վրայ կարեւոր փոփոխութիւններ իրականացնել: Անոնք պիտի անցնին հակայարձակումի, զօրացնելու համար Իրանի խաղաքարտերը: Այս մասին խօսած է իրանեան բանակի «Ալ Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօրավար Քասէմ Սուլայմանի եւ ըսած՝ «Աշխարհը թող քիչ մը սպասէ: Մենք անպայման անկանկալներ պիտի մատուցենք»:
Այս բոլորէն զատ Լիբանան-Սուրիա սահմանային Ալ Քալամուն շրջանին մէջ «Հիզպուլլահ» կը պահպանէ «իրանեան թիկունք»ը: Մինչ լիբանանեան եւ արաբական սիւննի աշխարհի ներկայացուցիչներ կը հաւաստիացնեն, որ «Հիզպուլլահ» մտած է խոր եւ աւարտ չունեցող տիղմի մը մէջ, անդին՝ «Հիզպուլլահ» վստահ է իր գրանցելիք յաղթանակէն: Հակառակ իր տուած մեծ թիւով զոհերուն, «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթը գրեթէ երեք անգամ պատկերասփռուած ելոյթ կ՚ունենայ եւ կը շարունակէ իր համակիրները «պատրաստել» մեծ պատերզամին:
Անկախ այս բոլորէն Սուրիան ձեւով մը դադրած է արաբականութեան համար պայքարող երկիր ըլլալէ: Իրանի գործողութիւնները համայնքային դրութիւն մը ստեղծած են երկրին մէջ: Բնականաբար շիի-սիւննի հակամարտութեան մէջ եւս Սուրիոյ այս իրավիճակը (եթէ նոյնիսկ Իրան «յաղթէ» այս պատերազմին) ներելի եւ տանելի պիտի չըլլայ սիւննի աշխարհին համար:
Հայկական գետնի վրայ վերջին օրերու փոփոխութիւններու լոյսին տակ սուրիահայութեան ղեկավար մարմիններու մօտ նոր կեցուածքներ երեւելի կը դառնան: Այս առումով ամենէն ցայտուն օրինակը Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանի ըրած յայտարարութիւն է: Հալէպահայ պատասխանատուն, որու ինքնութիւնը տակաւին չէ պարզուած, քաղաքի իրավիճակը նկարագրելու համար կ՚օգտագործէ նոր բառ մը եւ խօսելով Հայաստանի «168 Ժամ»ին՝ կըսէ, թէ Հալէպը կ՚ամայանայ: Բնականաբար ամայութիւնը կը վերագրուի վարչակարգի տիրապետութեան տակ եղող հայկական շրջաններուն: Ռէիսեան յառաջիկայ օրերուն շատ հաւաբար վերախմբագրէ իր խօսքը, սակայն այնուամենայնիւ յստակ է, որ Հալէպի իրավիճակը կ՚ընթանայ դէպի յաւելեալ վատթարացում:
Տխուր փաստ է, որ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներ ցարդ կը շարժին «գաղութը պահպանել»ու ոչ-իրապաշտ մօտեցումներով: Տխուր է նաեւ, որ Հալէպը պիտի չունենայ իր անցեալի փայլը: Այս հանգրուանին կարեւորագոյնը աղմուկ չբարձրացնելը կամ խուճապի մասին չխօսիլը չէ, այլ հիմնարարը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն Դամասկոս տուած այցելութենէն դրական պտուղներ քաղելն է: Այդ մէկը հասկնալի է, որ պէտք է ըլլայ լոյսերէ հեռու եւ առանց պոռչտուքի:
Ինչպէս երէկ, այսօր եւս հալէպահայութեան անվտանգութիւնը կը մնայ առաջնային ու երանի թէ եօթ հազար կամ տասներկու հազար իրանցի զինուորները Սուրիա հասնէին պաշտպանելու համար՝ հայկական Հալէպը:
Բայց այդպէս չէ: Իրանի կողմէ առաքուած զինեաները Դամասկոս կու գան պաշպանելու համար ոչ միայն վիրաւոր եւ թուլացած վարչակարգին «սիրտ»ը, այլ նպատակ ունին իրենց ձեռքերուն մէջ պահել Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու հիմնական խաղաքարտը:
Երեւան