ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՆԻՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Ֆրան­սա­յի հա­րա­ւին, ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Նի­սի քա­ղա­քա­պետ Քրիս­տիան Էսթ­րո­զիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով Սարգ­սեա­նը Էսթ­րո­զի նշեց, թէ մեծ պա­տիւ է, որ Հա­յաս­տան պա­տուոյ հիւ­րը կը հան­դի­սա­նայ աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօն­նե­րէն մէ­կուն՝ «Մի­տէմ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին։

Իր կար­գին, Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ բա­րե­կամ Ֆրան­սան Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար իւ­րա­յա­տուկ եր­կիր մըն է։

Էսթ­րո­զի տե­ղե­կա­ցուց, թէ կը ծրագ­րէ մին­չեւ տա­րե­վերջ այ­ցե­լել Հա­յաս­տան, մա­նա­ւանդ, որ Նիս եւ Ե­րե­ւան քոյր քա­ղաք­ներ են։

 

 

 

 

 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015