ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի կողմէ գլխաւորուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի՝ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս երեք երկիրները մերձեցուցած են իրենց դիրքորոշումը Հարաւային Կովկասէ ներս սահմանային, մաքսային հսկողութեան հարցերու շուրջ։ Հարկ է նշել, որ շուրջ վեց ամսուան ընդհատումէ մը վերջ տեղի ունեցած էր այս եռակողմանի աշխատանքային խումբի ժողովը։
Փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբը քննարկած է սահմանային, մաքսային եւ այլ տեսակի հսկողութեան հարցեր, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքներով ցամաքուղիներով կամ երկաթուղիներով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու անվտանգ տեղաշարժի շուրջ հարցեր։ Այս բոլորը մաս կը կազմեն Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքներու ծիրին։ Մոսկուայի վերջին բանակցութիւններուն ժամանակ կարելի եղած է դիրքորոշումները մերձեցնել։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած է նաեւ մայրուղիի մը անցման հաւանական ուղղութիւններուն վերաբերեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով ապահովելու համար փոխադրական կապ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ։
Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ կողմերը պիտի շարունակեն աշխատիլ՝ այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ համաձայնութիւններու կատարման ուղղութեամբ։