ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1-ԻՐԼԱՆՏԱ 0

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ յաղթանակ տօնեց Իրլանտայի դիմաց։ ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի B ենթախումբէն ներս առաջին խումբի առաջին փուլի մրցումներէն մին էր այս մէկը։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ հայկական ընտրանին ազդու խաղարկութիւն ցոյց տուաւ եւ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակիցը։ Մրցման միակ կոլը արձանագրեց 21-ամեայ Էտուարտ Սպրցեան։

Հայկական ընտրանիին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այս չորեքշաբթի Սկովտիոյ հետ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2022