ՄԱՀ՝ ՏՔԹ. ՊԷՅԼԷՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բժիշկ Վարդգէս Պէյլէրեան։ Համայնքային շրջանակներէն ներս բօթը ստեղծեց խոր ցաւ՝ մանաւանդ, որ տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։
Վիրահատ Վարդգէս Պէյլէրեան 1966-ին աւարտած էր Կեդրոնական վարժարանը։ Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկական ֆաքիւլթէէն վկայուած էր 1973-ին։ Որպէս վիրահատ մասնագիտական ուսումը ստացած էր Հայտարփաշայի «Նումունէ» հիւանդանոցի ընդհանուր վիրահատութեան բաժնէն ներս։ Տքթ. Պէյլէրեան երկար ժամանակ աշխատած էր նաեւ Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցէ ներս։ Կեանքի ողջ տեւողութեան մնացած էր Կեդրոնականի երախտապարտ սան։ Երկար տարիներէ ի վեր կ՚անդամակցէր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան։
Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան իր ետին կը թողու բարի յիշատակ մը թէ՛ մասնագիտական աշխատանքով եւ թէ համայնքէն ներս մատուցած ծառայութիւններով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր բարի հոգւոյն եւ կը վշտակցինք իր այրիին, հարազատներուն, համայն ընտանիքին, ինչպէս նաեւ կեդրոնականցի ընկերներուն։