ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԾԵՐ

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին, որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կ՚արձանագրէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ Ատրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ:

Պարզ է, որ Ատրպէյճանի հիմնական դերը տարածաշրջանին մէջ՝ իբրեւ ուժանիւթի պաշարներու տէր երկիր, ուժանիւթի հայթայթումն է: Հիմա, սակայն, իբրեւ հիմնական տարանցիկ երկիր՝ Ռուսաստանի ուժանիւթին միջնորդ արտահանողն է: Առանց ուժանիւթի եւ մանաւանդ, առանց Ռուսաստանի մասին խօսելու, ըստ էութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յղէ այս ուղերձը:

Խնդիրը, սակայն, ինչպէ՞ս կը կապուի Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան հանգուցալուծման հետ: Միացեալ Նահանգներու ամբողջ ճիգը այս պարագային Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը տնտեսական մեկուսացման առաջնորդելն է: Ատրպէյճանը կարեւորագոյն գործընկեր է այս առումով: Ատրպէյճանի Ռուսաստանէն տարանջատումը յայտնապէս առաջադրանք է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը աւելի ճիշդ ընկալելու համար օժանդակի դեր կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահը, երբ գրեթէ միաժամանակ կը յայտարարէ, որ իրենք կ՚աշխատին Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացման ուղղութեամբ եւ մօտ ժամանակներուն կ՚աւարտեն դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը: Այս առումով կ՚ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ քայլերը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ, ըստ Թուրքիոյ նախագահին, կը ստորագրուի անպայման: Թուրքիոյ նախագահը հերթական անգամ այդ համաձայնագրի ստորագրումը նկատած է պատմական կարելիութիւն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան մէջ ուժանիւթի մասին խօսք չկայ: Այդ փակագիծը կը բանայ Թուրքիոյ նախագահը՝ յստակեցնելով, որ ինչի՛ մասին է խօսքը:

Ատրպէյճան ուժանիւթի հայթայթման բազմազանացման խնդիր չի դիմագրաւեր: Իր ուժանիւթը անխոչընդոտ կը հասնի Եւրոպա. հիմա ալ իր ճամբով՝ նաեւ ռուսականը: Թուրքիոյ հետ ուժանիւթի յարաբերութիւններու խնդիր արդէն չունի: Այլ խօսքով, դէպի Ռուսաստան, Եւրոպա կամ այլ երկիրներ Ատրպէյճան խնդիր չի դիմագրաւեր իր ուժանիւթի տարբեր տեսակները հասցնելու:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով, ուրեմն, առկայ է այլ հարց մը: Թուրքիոյ նախագահին «լաւատեսական» ձեւակերպումներուն մէջ կը նշուի դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը: Ատրպէյճան-Նախիջեւան ուժանիւթին կապի մասին է խօսքը այստեղ: Հանգոյցը, ուրեմն, դարձեալ նոյն առաջադրուած ճանապարհին կը վերաբերի՝ այս անգամ ուժանիւթային տեսքով շղարշուած: Այսպէսով ալ Ատրպէյճանի տարածաշրջանային նոր դերը, որուն կ՚ակնարկեն թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ Անգարան, կը յստականայ:

Հետեւելով այս տրամաբանութեան՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի բանայ նաեւ Սիւնիքի ճանապարհը, որ այս յայտարարութիւններով սկսելու համար ուժանիւթային առումով պիտի կապէ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը եւ այդ ճամբով Թուրքիան: Այս ուժանիւթի կամուրջով Թուրքիան կը դառնայ Ատրպէյճանի ուժանիւթի արտահանման հանգուցակէտ:

Ուաշինկթընէն եւ Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները, ուրեմն, զիրար կը փոխլրացնեն: Անոնք կ՚ուղենշեն տարածաշրջանային ծրագիր մը, ուր Սիւնիքը ռազմավարական նշանակութեամբ կարեւորագոյն դիրք կը զբաղեցնէ:

Աւելի հեռուներէն դիտարկումի փորձով մը անպայման կը նկատուի, որ այս բոլորին մէջ Ռուսաստանի ուժանիւթի շուկային այլընտրանքներ հրամցնելու միտուած են ուժանիւթային կամուրջներու այս նախագծերը: Այստեղ յամենայնդէպս կը համընկնին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ շահերը:

Խաղաղութեան խաչմերուկի կամ խաղաղութեան օրակարգի կարգախօսերը արտաբերելէ առաջ հայկական կողմը ա՛յս հաշուարկները կատարելու հարկադրանքին առջեւ է: Ատրպէյճանի տարածաշրջանային դերի վերանայման առաջադրանք մը կայ: Իսկ այստեղ Սիւնիքը երկաթուղիներով, կազատարերով կամ ընդհանրապէս հաղորդուղիներով հանգուցակէտ պիտի ծառայեցուի՝ հետզհետէ բացայայտուող նախագիծերու առարկայացման համար:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024