ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՐՋ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան եւ Վրաստան որոշած են միասնաբար դիմել ՖԻՖԱ-ին՝ 2029 թուականին նախատեսուած ֆութպոլի համաշխարհային երիտասարդաց առաջնութիւնը կազմակերպելու համար։ Եթէ այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուի, ապա այս երկու հարեւան երկիրները միասնաբար պիտի հիւրընկալեն յիշեալ կարեւոր մրցաշարքը։ Հարկ է նշել, որ ՈՒԷՖԱ հաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Վրաստանի միասնական դիմումին։
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլին։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անոնք փոխանակեցին երկու երկիրներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու մարզաշապիկները։
Արմէն Մելիքբէկեան ընդգծեց, որ երկու երկիրներու տեսակէտէ մեծ պատիւ կ՚ըլլայ այս մրցաշարքին կազմակերպումը։ Իր կարգին, Լեւան Քոպիաշվիլի ըսաւ. «Վստահ եմ, թէ Հայաստանի հետ միասին կը կարողանանք համաշխարհային ֆութպոլը բերել մեր երկիրները»։
Երեւանի մէջ Քոպիաշվիլի երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։