ԱՐԱԲՆԵՐԸ ԼՈՒՐՋ ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԷՋ, ԻՍԿ ԹԵՀՐԱՆ ԻՐ «ՈՍԿԵԱՅ» ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Կասկածէ վեր է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի Իրանի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու ճիգերը իրենց դրական հետեւանքները պիտի ունենան շրջանին մէջ, նոյնիսկ եթէ համաձայնութեան ստորագրումը տեղի չունենայ: Միացեալ Նահանգներու համար ձեւական ստորագրութիւններ կատարելու հանգրուանը վաղուց անցած է: Կարեւորը Իրանը, որպէս հաւատարիմ դաշնակից պատրաստելու գործընթացն է, պայմանով, որ այդ նոր հանգրուանին մէջ Թեհրան նեղութիւն չպատճառէ Մոսկուային: Այսինքն, հեռու չերթայ իր յարաբերութիւններուն մէջ եւ իր շահերուն հետ միասին ծառայէ ԱՄՆ-ին եւ Մոսկուային: Ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին համար կան մի քանի տուեալներ, որոնց հիմունքով Թեհրան աւելի աչալուրջ եւ հաւատարիմ դաշնակից ըլլալու բոլոր նախադրեալները ունի: Նիւ Եորքի Twin Tower-ի վրայ տեղի ունեցած գրոհէն ի վեր (11 Սեպտեմբեր 2001) կը տիրէ այն կարծիքը, թէ սիւննի աշխարհին հետ անհնար է առկայ յարաբերութիւնները նոյն որակով շարունակել: Ամերիկացի շարք մը վերլուծաբաններ «անտանելի» եւ «անկառավարելի» կը համարեն սիւննի սալաֆիստ խմբաւորումները: Արաբ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ նկատուած ճեղքին մեծագոյն ապացոյցը Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզին Միացեալ Նահանգներ տարբեր եւ ձեւական պատճառներով չերթալու փաստն է: Մինչ Ռիատի ղեկավարութիւնը կը թակէ Մոսկուայի դռները, անդին հակառակ անոր, որ նոյնինքն Պարաք Օպամա անձամբ Ռիատ ժամանելով մասնակցեցաւ Ապտալլա Թագաւորի վերջին հրաժեշտի արարողութեանց,Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները օրըստօրէ անկում կ՚ապրին: Առկայ ճեղքը տնտեսական չէ: Ամերիկեան ընկերութիւններ կը շարունակեն իրենց կարեւոր գործարքները, ոչ միայն Ժետայի, Ռիատի եւ Խուպարի մէջ, այլ նաեւ Արաբական ծոցի մայրաքաղաքներուն՝ Ապու Տապիի, Տոհայի եւ Քուէյթի մէջ: Ռիատէն զատ նշուած բոլոր մայրաքաղաքները որոշիչ դեր ունենալու ներուժ չունին: Անոնք, նոյնիսկ դէմ չեն Ամերիկա-Իրան մերձեցման, միայն թէ իրենց շահերը պահպանուին ու նաւթի արտահանումն ու կառուցուած տնտեսութիւնները անխափան կերպով շարունակեն եկամուտ բերել այդ երկիրներու կառավարութիւններուն: Գլխաւոր լարուածութիւնը եւ շրջանին մէջ ծանր լարուածութեան հիմնական գօտին Թեհրան-Ռիատ լարուածութեան գօտին է: Ու այդ գօտիի լարուածութիւնը իր ծանր հետեւանքները կը տարածէ Եէմէնի մայրաքաղաքը՝ Սանհայէն մինչեւ Պաղտատ, Դամասկոս եւ Հալէպ: Կռիւը ներհամայնքային է եւ մինչեւ այս պահը Ռիատ նոր ծրագիր մը չունի Թեհրանի հետ լեզու գտնելու: Իր կարգին Թեհրան, որ առնուազն երեք մայրաքաղաքաներու մէջ զինուորական կարեւոր ձեռքբերբումներ ունեցաւ կրաւորական դիրքերով, կը սպասէ Ապտըլ Ազիզ իշխող ընտանիքի դրական որեւէ նշանին: Թեհրան ուժեղ դիրքերէ կը բանակցի: Նոյն առումով երեւելի ու կարեւոր յայտարարութիւններ ընելով Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Սէիտ Ալի Խամանէյի անցնող օրերուն յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կարեւոր կէտերու մասին խօսելով ըսաւ, որ այդ կէտերը Իրանին համար կարմիր եւ ոչ անցանելի կէտեր են: Այդ կէտերուն կարեւորագոյնը, Իրանի ներկայ կորիզային «խաղաղ» ծրագրերէն չհրաժարելու մօտեցումն է, ինչպէս նաեւ կորիզային միջազգային գործակալութեան մասնագէտ-քննիչներուն դէպի իրանեան կորիզային կայաններ մուտք գործելու արգելքներուն վերացումը:
Այսինքն Թեհրան երկու դերով հանդէս կու գայ: Մինչ անոր գլխաւոր առաջնորդը՝ Ալի Խամանէյի , որուն հովանիին տակ կը գործեն Իրանի «յեղափոխութեան պահակներ»ու ջոկատները, կը մերժէ զիջումնային քաղաքականութեամբ հանդէս գալ: Անդին Իրանի «յառաջադէմ» ներկայացուող նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանի կը խօսի աւելի նուրբ եւ բամպակեայ լեզուով մը: Իրան ճիշդ է, որ տնտեսական առումով ժամանակի հարց ունի, բայց եւ այնպէս ան Օպամայի նման նեղ կացութեան առջեւ չէ: Օպամա որքան ալ մտածէ, որ շուտով «տուն պիտի երթայ», պիտի կամենայ, որ իրմէ ետք տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պատրաստուող իր կուսկցութեան առնուազն Իրանի հետ համաձայնութեամբ դրական միաւորներ տայ: Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ երկրորդ եւ երրորդ կարգի վրայ տեղ առած են Եէմէնի, Լիպիոյ, Իրաքի ու յատկապէս Իրաքի տագնապները: ԱՄՆ բացի Թեհրանէն իր աչքերը դրական շեշտադրումով կ՚ուղղէ շրջանի քիւրտերուն: Անոնց տրուած նեցուկը, զինուորական եւ ֆինանսական օժանդակութիւնները հաշտ աչքով չեն դիտուիր արաբ սիւննիներուն կողմէ: Ինչ խօսք, որ Թուրքիա եւս անհանգիստ է այդ դրական մօտեցումներէն: Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան տնտեսական խորհրդատուներ դրական կարծիք յայտնած են, իրաքեան Քիւրտիստանէն նաւթի արտահանման առընչութեամբ: Այս նոր կշիռներէն անդին Սուրիոյ արիւնահոսող վէրքը կը շարունակուի: Իսկ ISIS (Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն) ահաբեկչական խմբաւորումը, որ կը շարունակէ կարեւոր նաւթահանքեր իր տիրապետութեան տակ պահել, կը շարունակէ ներկայանալ, որպէս նոր գործօն եւ օրակարգ թելադրող ուժական ներկայութիւն: Բազմիցս խօսած ենք, որ ISIS-ի ներկայաութիւնը բնաւ չի խանգարեր Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ: Այդ քաղաքական տեսադաշտին մէջ ISIS եթէ չի խանգարեր, այլապէս ալ կը նպաստէ, որ տարբեր տէրութիւններ աժան գիներով նաւթ ստանան ու չի բացառուիր, որ ահաբեկիչներուն ունեցած նաւթը կը հասնի մինչեւ Ամերիկայի ամբարները: Այս ենթադրութիւնները երեւակայական խօսքեր չեն ու այս բոլորի հիմնաւորումը ապահովելու համար պէտք է բաց աչքերով հետեւիլ ամերիկեան ուժերու Տէր Զօրի, Նինուէի ու Մուսուլի մէջ կատարած զինուորական միջամտութիւններուն: Միացեալ Նահանգներ ըստ պահանջի կը սպաննէ ISIS-ի նաւթի իշխանները (էմիր) ու կը ձերբազատուի անոնցմէ, որոնք կը խանգարեն իր հանգիստը:
«Րէօյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ISIS շրջանին մէջ ամենէն հարուստ ահաբեկչական խմբաւորումն է: Նոր չէ, անոր «ամէն հարուստ» դիրքը գրաւելու երեւոյթը: Նորութիւնը իրանեան նաւթին ունենալիք մագլցումներն են: Վերլուծողները կը վստահեցնեն, որ իրանեան նաւթին արտահամումը օրական կտրուածքով պիտի բարձրանայ մէկ միլիոն տակառ նաւթի: Մէկ միլիոն տակառ, այսինքն օրական կտրուածքով 75 միլիոն ամերիկեան տոլարի եկամուտ, որ ամսական կտրուածքով կը համապատասխանէ 2.2 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Այս թիւերուն մասին խօսելով է, որ կրնաք եզրակացնել, թէ եթէ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն կնքեն, Իրան մուտք գործած պիտի ըլլայ իր ոսկեայ դարաշրջանը: Իսկ եթէ համաձայնութիւնը խափանուի, նոյնն է, Իրան պիտի սպասէ առանց յաւելեալ դժուարութիւններու մէջ մտնելու: Թեհրանի կողքին են Փեքինն ու Մոսկուան ու ան պատրաստ է նոր շուկաներու բացուելու:
Այս ընդահնուր պատկերին վրայ ամենէն տուժողը արաբական տէրութիւններն են, որ մինչեւ այս պահը մոռցած են, թէ շրջանին բոլոր հարցերու կարգաւորման հիմնական բանալին կը գտնուի ո՛չ թէ Մոսկուայի, այլ Թեհրանի մէջ: Արդէն քանիերրորդ անգամն է, որ Մոսկուա լայն ժպիտներով ընդունելէ ետք սէուտցի իշխանները (վերջինը փոխ-գահաժառանգ՝ Մուհամմէտ Պըն Նայէֆն էր) անոնց մէկ ուղղութիւն ցոյց կու տայ եւ այդ ուղղութեան կարմիր թելը կապուած է շիի աշխարհի հզօր տէրութեան՝ Իրանին:
Կը մնայ սպասել եւ ենթադրութիւններէ անդին երթալով հասկնալ, որ ԱՄՆ-ի համար Իրանի հետ համաձանութիւն մը գոյացնելը նոյնքան կարեւոր է ամերիկացիներուն համար, չըսելու համար, որ աւելի կենսական է քան Թեհրանի համար, որ գետնի վրայ տարուած յաջողութիւններով (Եէմէն) եւ դիմադրողական ներկայութեամբ (Պաղտատ եւ Դամասկոս) իր ձեռքերուն մէջ կը պահէ ամբողջ շրջանին կայունութեան հիմնական բանալին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան