ԵՓԵՍՈՍ ՑՈՒՑԱԿԻ ՎՐԱՅ
Եփեսոս պատմական քաղաքը ընդգրկուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմէր Չելիք շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութեան պտուղները հետզհետէ կը քաղեն։ Այսպէս, Գերմանիոյ Պոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 39-րդ շրջանի ժողովին արդիւնքով Եփեսոս տեղ գտաւ համապատասխան ցուցակին վրայ։
Նախարարը «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարեց, թէ սա Թուրքիոյ տեսանկիւնէն ուրախառիթ երեւոյթ մըն է։ Արդարեւ, Եփեսոսի հետ միասին 15-ի բարձրացաւ թիւը Թուրքիոյ այն պատմական արժէքներուն, որոնք համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկուած են։ Նախարար Էօմէր Չելիքի համոզմամբ, սա աշխարհի աչքին առջեւ ապացոյց մըն է, թէ Թուրքիա որքան մեծ հարստութեան մը տէրն է։ Էօմէր Չելիք ընդգծեց նաեւ, թէ Եփեսոս համայն աշխարհի հետաքրքրութեան առարկայ է իր առանձնայատկութիւններուն բերումով։