ՀԱԼԷՊ
Տարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով, ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման, նոյն տաք զգացումներովս, սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ:
Իսկ դո՛ւն: Ա՜խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսէ՛:
Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ այնպէս, դո՛ւն ինծի համար, քու զաւակներովդ կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած քաջութիւնն ես: Ներկայ այս տխուր ու մահացու իրավիճակիդ մէջ իսկ օրինակելի ես ու նախանձելի: Ամբողջ աշխարհը կրնայ վկայել: Անոր համար դուն մինակդ թէ՛ կ՚ապրիս, թէ՛ կը շնչես ու մեր բոլորին աչքին առջեւ մինակդ նոյնիսկ սովամահ՝ կը տանջուիս ողբերգութեամբը հայ ըլլալուդ: Գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումդ կը շարունակես պահել: Դժբախտ իրականութիւն է, չէ՞:
Հոն ամէն քայլափոխի տեսանելի են՝ կռիւ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, լոյսի եւ ջուրի կարօտ, մահ եւ սուգ: Բայց, յետոյ ի՞նչ: Ըսէ՛, յետո՞յ՝ մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը, այս հիւծումդ ու մաշումդ, փլատակ վիճակդ, քանդումդ ու մանաւանդ՝ մահազդու տագնապդ: Մարդիկ, նոյնիսկ անմիջական շրջապատիս մարդիկ, քեզ անտեսելով, արդէն շատոնց մկրատած են տրամադրութեանս լարերը:
Տակաւին քիչ ժամանակ առաջ ինծի ու իմ նմաններուս համար դրախտ մըն էիր, սիրելի ծննդավայր Հալէպս: Բայց դժբախտաբար այդ մէկը կորսուեցաւ: Մարդիկ հալէպահայերուն ձեռքէն գողցան այդ դրախտը: Ու բոլորին նման, իմ դրախտս ալ մնաց երազներու աշխարհին մէջ: Անգութ մարդիկ տարին զայն, սպաննեցին, ու այսպէս զայն նետեցին ճակատագրի մոռացութեան ալիքներուն գիրկը:
Հոն՝ մօտդ, նոյն այդ մաքուր եւ անմեղ երդիքիդ տակ կար ժամանակ, որ ամէն ինչ պատմութիւն էր եւ այդ պատմութիւնը ուրախ էր, հաճելի էր ու կենդանի: Անով մեծցանք մենք, ու անով ալ սնանեցանք: Անով սիրեցինք հայն ու արաբ դրացին եւ Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը: Քեզմով տոկացինք, ու դուն դարձար մեզի համար հարազատ հայրենիքի մը չափ հայրենիք:
Վստահօրէն օր մը պիտի նորոգուի մեր Հալէպը: Կը կրկնեմ: Պէտք է, որ նորոգուի եւ յանուն մեր ինքնութեան պահպանման՝ պէտք է, որ ան վերածնի մեր բոլորին անսակարկ ճիգերով: Եւ որպէսզի ծնի նոր Հալէպը, եւ որպէսզի, իբրեւ մարդ, հոն ապրի ֆիզիքապէս տանջուող հայ գաղութը այս վերածնունդին համար սփիւռք եւ հայրենիք անոր կողքին պէտք է մնան գործնական ճիգերով:
Յիշեցէ՛ք, մեր դարերու պատմութիւնը վկայ, յամառ ժողովուրդ ենք, որ ոչ միայն չ՚ուզեր մեռնիլ, այլեւ գիտէ յարութիւն առնել: Յարութիւն եւ վերապրում: Քեզի համար են այս վերագրումները, սիրելի՛ եւ անմոռանալի՛ ծննդավայր Հալէպս: Միա՛յն քեզի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ