ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Եւ­րո­պա­յի եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ե­րէկ, Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր հան­րա­քուէ մը, ո­րու ար­դիւն­քին ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժեց երկ­րին կող­մէ  խստա­պա­հանջ տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը որ­դեգ­րու­մը։

Յու­նաս­տան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը պայ­քա­րի տնտե­սա­կան լուրջ ճգնա­ժա­մի մը դէմ։ Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին յա­ռա­ջա­ցած ա­նել մըն է այս մէ­կը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կած ծայ­րա­յեղ ձա­խա­կող­մեան ի­շա­նու­թիւ­նը մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը բա­նակ­ցէր IMF-ի եւ Եւ­րո­միու­թեան հետ։ Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Չիփ­րաս եւ իր խօ­սա­կից­նե­րը վեր­ջերս այն­պի­սի հանգ­րուա­նի մը հա­սան, որ կա­րե­լի չե­ղաւ տե­ւա­կա­նաց­նել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Չիփ­րաս ո­րո­շեց դի­մել հան­րա­քուէի։ Երկ­րի ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ եր­կու այ­լընտ­րանք։ Կա՛մ ըն­թացք պի­տի տրուէր վար­կա­տու­նե­րու խիստ պա­հանջ­նե­րուն եւ կամ ա­նոնք պի­տի մեր­ժուէին։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու կար­ծի­քով, սա Չիփ­րա­սի կող­մէ կա­տա­րուած մար­տա­վա­րա­կան քայլ մըն էր, որ­պէս­զի յա­ջոր­դող փու­լե­րուն կա­րե­նար ա­ւե­լի ա­մուր դիր­քով վա­րել բա­նակ­ցու­թիւն­ներ։ Հան­րաքուէի ար­դիւն­քը ե­ղաւ Չիփ­րա­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նա­խընտ­րած ձե­ւով։ Յու­նաս­տա­նի մէջ ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժեց վար­կա­տու­նե­րու չա­փա­զանց խիստ պա­հանջ­նե­րը։ Սա այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ մըն է, որ ամ­բողջ ա­րեւմ­տեան դրու­թիւ­նը հար­ցաքն­նու­թեան կը բա­նայ՝ մի­ջազ­գա­յին ի­մաս­տով նուրբ շր­ջա­նի մը մէջ։

Հան­րա­քուէէն վերջ Յու­նաս­տա­նի Ելմտա­կան նա­խա­րար Վա­րու­ֆա­քիս հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն՝ Չիփ­րա­սի դիր­քին նպաս­տե­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015