ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՏԼԱՆՏԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՆԵՐՍ

Դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատլանտեան խորհուրդի փորձագէտներուն հետ։ Կը հաղորդուի, որ Ատլանտեան խորհուրդի մտքի կեդրոնի փորձագէտներուն առընթեր, հաւաքոյթին մասնակցեցան նախկին դեսպաններ եւ այլ մտքի կեդրոններու վերլուծաբաններ։

Քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Հայաստանի անվտանգային միջավայրը։ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումները հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան միջազգային դրութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան բանակցութիւններուն։ Արմէն Գրիգորեան կանգ առաւ նաեւ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու առանցքային ուղղութիւններուն վրայ։

Միւս կողմէ, Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալի պաշտօնակատար Տերեք Հոկանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը՝ ներառեալ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները։ Կողմերը կարեւորեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանումը, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակականութիւնը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան համար միջազգային դրութեան մը հաստատուիլն ու Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2023