ՖԻՏԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԱԼԻԵՒԻ ԿՈՂՄԷ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Չմիաւորման շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին առթիւ Պաքու մեկնած էր Ֆիտան, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ ունեցաւ նաեւ առանձին հանդիպումներ։ Կը հաղորդուի, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ խնդիրները։
Պաքուի մէջ կազմակերպուած նախարարաց հաւաքի ընթացքին ալ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իլհամ Ալիեւ, որ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իր երկրի մօտեցումներուն։ «Եթէ Հայաստան իսկապէս խաղաղութիւն կը փափաքի, ապա անոր զինեալ ուժերը պէտք է ամբողջութեամբ լքեն Ղարաբաղը», ըսաւ Ալիեւ։
Պաքուի հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան։ Այս վերջինը եւս հիւրընկալուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ապտուլլահիան ըսաւ, որ Իրան միշտ դէմ եղած է տարածաշրջանէն ներս երկիրներու սահմաններու փոփոխութեան։
Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Պաքուի մէջ կազմակերպուած նախարարներու հաւաքին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան Չմիաւորման շարժման հարթակը կ՚օգտագործէ իր քարոզչութիւնը յառաջ տանելու համար։