ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ «ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ» ՖՈՐՈՒՄ
Կարսի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագրեալ ֆորում մը։ «Մետիամաքս» գործակալութիւնը «Ազերթաչ»ի հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, որ այս ֆորումը կազմակերպուած էր Թուրք-ատրպէյճանական ընկերացութիւններու դաշնակցութեան (TADEF), Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէին եւ Կարսի քաղաքապետարանին կողմէ։
Կարսի քաղաքապետ Էօթիւքէն Սենկէր այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ շեշտած է, որ 1918-1920 թուականներուն Անատոլուի արեւելքին հայկական աւազակախումբերու կողմէ յանցագործութիւններ կատարուած են։ Իր խօսքով՝ այդ ժամանակահատուածին Կարսի բնակիչները նոյնպէս ենթար-կըւած էին հայերու արիւնալի յարձակումներուն։
«Նման արիւնալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին Արեւմտեան Ատրպէյճանի տարածքներուն մէջ, որոնք այժմ կը կոչուին Հայաստան։ Երկու տար-ւան ընթացքին մինչեւ երեք հարիւր հազար ատրպէյճանցիներ ստիպուած լքած էին իրենց հողերը եւ անոնց մէկ մասը ապաստան գտած էր Կարսի մէջ», նշած է քաղաքապետը։
Ի լրումն այս բոլորին, Սենկէր ըսած է հետեւեալը. «Մարդիկ արդարացիօրէն կը փափաքին վերադառնալ իրենց պատմական հողերը։ Այդ պահանջները կը հնչեն ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ՝ Թուրքիոյ կամ այլ երկիրներու մէջ։ Հայաստան պէտք է քայլերու ձեռնարկէ այս անարդարութիւնը վերացնելու համար։ Ես կոչ կ՚ուղղեմ համաշխարհային հանրութեան՝ անտարբեր չմնալ ատրպէյճանցիներու՝ Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձի հարցին նկատմամբ»։