ՄԵՍՈՒՏ ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
Երէկ, Իրանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Ըստ երեկոյեան ժամերուն հրապարակուած արդիւնքներուն՝ Իրանի նախագահ ընտրուեցաւ Մեսուտ Փեզեշքիան, որ առաւելութեան հասաւ առաջին փուլին պատնէշը յաղթանակած միւս թեկնածուին՝ Սայիտ Ճալիլիի դէմ։ Արտահերթ ընտրութիւններուն երկրորդ փուլի մասնակիցներուն 53.6 տոկոսը քուէարկեց ի նպաստ Մեսուտ Փեզեշքիանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընտրողներու մասնակցութիւնը կազմեց 49.8 տոկոս։ Այսպէսով Մեսուտ Փեզեշքիան դարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իններորդ նախագահը։ Ան ընտրութիւններէն առաջ հանրութեան ներկայացած էր՝ որպէս բարեփոխումներու կողմնակից թեկնածու։ Սայիտ Ճալիլի ընտրութեան առաջին փուլի միւս պահպանողական թեկնածուներու զօրակցութիւնն ալ ապահոված էր, սակայն այդ համախմբումը բաւարար չեղաւ եւ բարեփոխումներու հետամուտ թեկնածուն Իրանի ժողովուրդին կողմէ պաշտօնի կոչուեցաւ։
Ինչպէս ծանօթ է, այս արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ, Իրանի մէջ 2021 թուականին տեղի ունեցած էր նախագահի ընտրութիւն, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուած Իպրահիմ Ռայիսին ուղղաթիռի արկածի մը զոհ գացած էր երկու ամիս առաջ։ Միջազգային լրահոսին մէջ կը մատնանշուի նաեւ այն մանրամասնութիւնը, թէ Իպրահիմ Ռայիսիի յաջորդը ընտրուած Մեսուտ Փեզեշքիան Իրանի ատրպէյճանցիներէն մին է։