ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ատրպէյճանի տանտիրութեամբ, այսօր Շուշիի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անպաշտօն գագաթաժողովը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիան այս անպաշտօն գագաթաժողովին ընթացքին կը ներկայացնէ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէտ Եըլմազ՝ քանի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անակնկալօրէն որոշեց չմասնակցիլ Շուշիի հաւաքին եւ ուղեւորուիլ դէպի Գերմանիա՝ զօրակցելու համար Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, որ Եւրոպայի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչին այսօր կը մրցի Հոլանտայի հետ։
Երէկ, անպաշտօն գագաթաժողովին յաջորդեց Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներուն հաւաքը։ Այս շրջանակին մէջ երկկողմանի հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ֆիտան եւ Պայրամով կարծիքի օգտակար փոխանակումներ ունեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։
Հաքան Ֆիտան Շուշիի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։